Երեքշաբթի, 12 յունիսի երեկոյեան, Կլենտէյլի քաղաքապետական խորհուրդը վաւերացուց քաղաքի Մերիլենտ թաղին մէկ հատուածը (Հարվըրտի եւ Ուիլսընի միջեւ) «Արցախ» կոչելու քաղաքապետական խորհուրդին` 13 մարտի պայմանական որոշումը, միաժամանակ նաեւ վաւերացնելով այդ ծրագիրը իրագործելու համար անհրաժեշտ 131 հազար տոլարի ամավարկը:
Որոշումին ի նպաստ քուէարկեցին քաղաքապետական խորհուրդի անդամներ Զարեհ Սինանեան (քաղաքապետ), Արա Նաճարեան, Վարդան Կարապետեան եւ Վրէժ Աղաճանեան, մինչ Փոլա Տիվայն ձեռնպահ մնաց:
Կլենտէյլի Հայ դատի յանձնախումբը ողջունեց այս որոշումը` քաղաքի իշխանութեանց կոչ ուղղելով` նեցուկ կանգնելու շրջանի այն գործարարներուն, որոնք կրնան վնասներ կրել անուանափոխութեան պատճառով:
Կլենտէյլի քաղաքապետական խորհուրդին առջեւ ելոյթ ունենալով` Կլենտէյլի Հայ դատի յանձնախումբի համայնքային յարաբերութեանց պատասխանատու Մակարիթա Պաղտասարեան շեշտեց հայութեան համար Արցախ անունի պատմական եւ մշակութային կարեւորութիւնը` միաժամանակ հաստատելով, որ անուանափոխութիւնը նաեւ դաստիարակչական արժէք պիտի ներկայացնէ` շրջանի բնակչութիւնը եւ այցելուները ծանօթացնելով Արցախին եւ Արցախեան ազատագրական շարժումին: Ան նաեւ նշեց, որ Հայ դատի յանձնախումբը եւս պատրաստ է նեցուկ կանգնելու շրջանի գործարարներուն եւ քաղաքին, անուանափոխութիւնը կարելի եղածին չափ դիւրասահ իրականացնելու համար:
Նշենք, որ 13 մարտէն ետք տեղի ունեցած հանրային քննարկումներուն ընթացքին ի յայտ եկած գլխաւոր անհանգստութիւնը կ՛առնչուէր անուանափոխութեան ունենալիք նիւթական ծախսերուն, որոնց լոյսին տակ քաղաքապետական խորհուրդը որոշեց վերոյիշեալ գումարը պատրաստ ունենալ` աջակցելու համար շրջանի գործարարներուն:
Անուանափոխութեան ի նպաստ արտայայտուեցան մեծ թիւով քաղաքացիներ, մինչ անոր ի նպաստ քուէարկած քաղաքապետական խորհուրդի անդամները շեշտեցին, որ Արցախի անունով թաղ մը ունենալը արդար եւ յարմար հատուցում է վերջին 5-6 տասնամեակներուն հայութեան կողմէ այս քաղաքին շնորհուած նպաստներուն:
Կլենտէյլի Հայ դատի յանձնախումբը առաջին օրէն իսկ զօրակցած էր նշեալ թաղը Արցախի Հանրապետութեան ի պատիւ կոչելու գծով տարուող ջանքերուն:
Թաղը կը գտնուի բանուկ եւ արուեստներով ու ժամանցի կարելիութիւններով հարուստ շրջանի մը մէջ, ուրկէ օրական կ՛անցնին հազարաւոր քաղաքացիներ եւ այցելուներ:



