Զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեան հպարտութիւնը յայտնեց նախորդ տարի զբօսաշրջութեան մարզին մէջ արձանագրուած նուաճումներուն համար: Ան լիբանանցիներուն ուղղելով խօսքը` ըսաւ. «Լիբանան կը գտնուի զբօսաշրջութեան խոստմնալից եղանակի մը սեմին, երկրին մէջ տիրող ապահովական կայունութեան լոյսին տակ»:
Բացումը կատարելով «Travel Lebanon» 5-րդ նախաձեռնութեան, պարտէզներու ցուցահանդէսի եւ գարնան փառատօնի ծիրին մէջ, նախարար Կիտանեան յայտնեց, թէ այս ամառ իւրայատուկ պիտի ըլլայ, եւ կ՛ակնալուի, թէ անիկա լաւագոյն տարիներէն ըլլայ զբօսաշրջիկներու տեսակէտէն` տրուած ըլլալով, որ Լիբանան կը նկատուի Միջին Արեւելքի եւ շրջանի զբօսաշրջական ամէնէն կարեւոր ուղղութիւններէն մէկը: «Մենք ամէն ջանք կը թափենք լուսարձակի տակ առնելու մեծաթիւ շրջաններ, որոնք ունին գեղեցիկ բնութիւն, եւ որոնք արժանի են ըլլալու խոստմնալից ուղղութիւններէն մէկը: Ջանք կը թափենք նաեւ խթանելու զբօսաշրջային տեսարժան վայրերը, որոնք կ՛երկարին հիւսիսային Լիբանանէն դէպի հարաւ, եւ կը գրաւեն աշխարհի բոլոր կողմերէն այցելուներ», ըսաւ ան:
Կիտանեան աւելցուց, որ զբօսաշրջութեան նախարարութիւնը կը պատրաստուի հովանաւորելու եւ բացումը կատարելու բազմաթիւ միջազգային փառատօներու եւ զուարճանքի ձեռնարկներու, որոնց ընթացքին պիտի ներկայացուին արուեստի բարձրորակ գործեր` լիբանանցի եւ միջազգային արուեստագէտներու կողմէ:



