Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու յայտարարած է, թէ իր երկիրը Իրանի հետ կը բանակցի իրաքեան Կորդուաց լեռներուն մէջ քիւրտ զինեալներու դէմ միացեալ լայնածաւալ զինուորական գործողութիւն շղթայազերծելու համար: Այս մասին կը հաղորդէ «Սփութնիք»-ի թրքական ծառայութիւնը:
«Մենք պէտք է մեր սահմաններէն միւս կողմ գոյութիւն ունեցող վտանգը չէզոքացնենք, մենք պիտի մաքրենք այդ ահաբեկիչները Իրաքի մէջ, պիտի մաքրենք` ո՛ւր ալ ըլլան: Այս գործը տակաւին ցամաքային փուլ ալ ունի, դիւանագիտական դաշտին մէջ կատարուելիք քայլեր կան: Իրանի հետ կը բանակցինք: Քրտական աշխատաւորական կուսակցութիւն (ՔԱԿ) խմբաւորումը անոնց համար ալ վտանգ է», ըսած է Չաւուշօղլու:
Նշենք, որ Չաւուշօղլու օրեր առաջ յայտարարած էր. «Քանտիլը (Կորդուաց լեռները, «Ա.») գետնին պիտի հաւասարեցնենք»:
Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան իր կարգին յայտարարած էր Կորդուաց լեռներուն եւ Սինճարի մէջ զինուորական գործողութեան սկսելու մասին:


