Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի ընդունեց լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աունը եւ գաղտնի սպասարկութեան տնօրէն գնդապետ-զօրավար Անթուան Մանսուրը, որոնց հետ քննարկեց ապահովական կացութիւնը:
Միւս կողմէ, խորհրդարանի նախագահը Ֆըթըրի տօնին առիթով նամակներ ստացաւ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տոնալտ Թրամփէն եւ Եգիպտոսի նախագահ Ապտել Ֆաթթահ Սիսիէն: Նմանատիպ նամակներ ստացաւ նաեւ տարբեր երկիրներու խորհրդարաններու նախագահներէն եւ օտար բարձրաստիճան պաշտօնատարներէ:



