Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սրտականգառ Cardiac Arrest

June 14, 2018
| Առողջապահական - Բժշկագիտական
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԲԺԻՇԿ ԿԱՐՊԻՍ ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ

Սրտականգառ կը նշանակէ` սրտի աշխատանքի, այլ խօսքով` բաբախումի անակնկալ կանգ-դադար: Սիրտը կը դադրի բաբախելէ եւ գործելէ: Սրտականգառ կը պատահի ոչ միայն նախօրօք սրտի հիւանդութիւն ունեցողի մը պարագային, այլ նաեւ` առողջ անձի մը: Ընդհանրապէս սրտականգառը ազդանշանն է անակնկալ եւ արագ մահուան, որ կը պատահի անմիջապէս եւ երբեմն` որոշ ախտանշաններու յայտնուելէ ետք: Սրտի մկանները կը գործեն սրտի ելեկտրական դրութեան (electrical system) մշտական ինքնագործունէութեամբ: Սրտականգառը տեղի կ՛ունենայ, երբ սրտի այս դրութիւնը խանգարուի: Այս խանգարումին պատճառով սրտի մկաններու բաբախումը կ՛ըլլայ շատ արագ եւ անկանոն, եւ սիրտը կը սկսի թարթափել (fibrillate), որուն կը յաջորդէ սրտականգառը:

Սրտի կաթուածը-տագնապը (myocardial infarction, MI) եւ սրտականգառը նոյնը չեն: Սրտի տագնապը կը յառաջանայ, երբ սրտամկաններուն բաւարար չափով թթուածինով յագեցած արիւն չի հասնիր: Այս մէկը հետեւանքն է սրտի պսակաձեւ զարկերակներու (coronary arteries) ամբողջական եւ կամ մասնակի խցումին: Սրտի տագնապի պարագային, տեղի կ՛ունենայ սրտամկաններու հիւծում եւ մահ, բայց` ոչ անպայման անհատին մահը: Սրտի կաթուածը կրնայ յառաջացնել սրտականգառ: Սրտականգառի պարագային, ինչպէս յիշուեցաւ, տեղի կ՛ունենայ սրտամկաններու անակնկալ եւ շատ արագ պրկում-բաբախում, որ կը կոչուի սրտաբաբախում (arrhythmia):

Սրտաբաբախումի տեսակներէն վատթարագոյնը սրտի աջ եւ ձախ փորոքներու (ventricles) բաբախումն է, ուր տեղի կ՛ունենայ մկաններու քաոսային, շատ արագ եւ կանոնաւոր եւ կամ անկանոն պրկում, որ կը կոչուի թարթափում: Ուստի  սրտի փորոքները արիւն չեն մղեր սրտէն դուրս` դէպի մարմնի բոլոր օրկանները: Ուղեղը մարմնի այն օրկանն է, որ շուտով կը դադրի գործելէ, այսինքն կը մահանայ, երբ 5-6 վայրկեան արիւն չստանայ: Ուղեղին մահով անհատին կենդանութիւնը վերջ կը գտնէ եւ կը յայտարարուի անոր մահը:

Սրտականգառը կարելի է անհետացնել եւ դադրեցնել սրտի թարթափումը  շտապ-անմիջական  թարթափազերծութեան (defibrilation) կիրարկումով:  Թարթափազերծութեան սարքը ելեկտրական այն սարքն է, որ սրտի արագ տրոփումը կը վերադարձնէ բնական տրոփումի եւ, հետեւաբար, սրտի բնականոն աշխատանքի: Այս միջոցառումը արդիւնաւոր կ՛ըլլայ, երբ ան գործածուի սրտականգառի պատահարէն անմիջապէս ետք, այսինքն` առաւելագոյնը 5 վայրկեանի միջոցին: Այս ձեւով սիրտը կը վերադառնայ իր բնականոն աշխատանքին. այլ խօսքով, տեղի կ՛ունենայ սրտի բնական գործելակերպի վերականգնում:

Սրտականգառի պատճառներն են` սրտի կաթուած-տագնապ, սրտի ծաւալում, սրտի  պսակաձեւ զարկերակներու խցում, սրտամկաններու հաստացում եւ պնդացում, արեան ճնշումի բարձրացում, սրտի հիւանդութիւններու համար գործածուած կարգ մը դեղեր, սրտի զարկերակներու ընդոծին արատներ, երկարատեւ ֆիզիքական ծանր աշխատանք եւ մարզանք, անակնկալ եւ մեծ քանակութեամբ արիւնահոսութիւն, սուր եւ անակնկալ շնչադադար, մարմնի անակնկալ եւ սուր կալիւմի (K, potasseum) նուազում եւ մեծ քանակութեամբ թմրեցուցիչներու գործածութիւն:

Սրտականգառ կը պատահի անակնկալօրէն եւ ընդհանրապէս առանց ազդանշանի: Քիչ պարագաներու ենթական կ՛ունենայ կարգ մը ազդանշաններ, ինչպէս` կրծքացաւ, նողկանք, անբնական եւ դժուար շնչառութիւն եւ արագ անգիտակցութիւն:

Սրտականգառի եղելութիւնը կը փաստարկուի`

1.- Ենթակային կողմէ հակազդեցութեան եւ պատասխանի (response) բացակայութեամբ, այսինքն` երբ անոր ուսերուն զարնենք, ոչ մէկ շարժում կը տեսնենք, երբ հարցում մը հարցնենք, ոչ մէկ պատասխան կը ստանանք, որ կը նշանակէ`  ամբողջական անգիտակցութիւն:

2.- Ենթակային սրտի զարկի եւ շնչառութեան բացակայութեամբ:

Երբ սրտականգառ ունեցող անձի մը քով գտնուինք, անմիջապէս պէտք է կանչենք բժշկական շտապ օգնութիւն եւ իմացնենք պատահարը, ապա սկսիլ սրտաթոքային վերակենդանացումի (cardiopulmonary resuscitation) միջոցառումը` կատարել բերնէ բերան շնչառութիւն եւ երկու ձեռքերը իրարու վրայ դրած ճնշել ու հարուածել կրծքավանդակին, մասնաւորապէս` կրծոսկրը (sternum): Կատարել այս երկու միջոցառումները փոխն ի փոխ, մինչեւ` բժշկական շտապ օգնութեան ժամանումը: Հոս բժշկական անձնակազմը կը կատարէ վերակենդանացում` օգտագործելով սրտի թարթափազերծութեան սարքը մէկ կամ մէկէ աւելի անգամներ:  Վերակենդանացումը կը յաջողի եւ կամ կը ձախողի: Յաջողութեան պարագային, հիւանդը շուտով կը փոխադրուի հիւանդանոց` կատարելու համար յաւելեալ քննութիւններ եւ ենթական ենթարկելու ենթաջերմութեան (hypothermia), որպէսզի նուազագոյն վնաս հասնի ուղեղին: Իսկ ձախողութեան պարագային, սրտազարկի, շնչառութեան եւ գիտակցութեան անվերադարձ կորուստ (irriversible) տեղի կ՛ունենայ, եւ կը յայտարարուի ենթակային մահանալը: Ապրողներէն շատերու կրծքավանդակին մէջ կը զետեղուի սրտի թարթափազերծիչ (defibrilator)` որպէս շտապ եւ ինքնագործ միջոցառումի միջոց ապագայի սրտականգառի պարագային:

Կարելի  է արգելք հանդիսանալ սրտականգառին` պարզապէս կանոնաւոր կերպով հետեւելով սրտի առողջութեան, արգելք հանդիսանալով սրտի զանազան տեսակի հիւանդութիւններուն եւ հեռու մնալով սրտի հիւանդութիւն յառաջացնող ազդակներէն, ինչպէս` ծխել, առողջ սննդակատառութիւն չունենալ եւ մարզանքի չհետեւիլ:

Շաքարախտէ տառապողները, ծխախոտ ծխողները, մեծ քանակութեամբ ալքոլ գործածողները, գէրերը, բարձր արեան ճնշում եւ մաղձաճարպ (cholesterol) ունեցողները, ինչպէս նաեւ նստակեաց կեանք ունեցողներն ու մարզանք չընողները աւելի հակամէտ են սրտականգառի:

Մոնրէալ

Նախորդը

Մեր Զաւակները Եւ Մենք. Ինքնավստահ Երեխաներ Մեծցնելու Համար

Յաջորդը

ԼԵՄ-ի Հետաքրքրական Ձեռնարկը

RelatedPosts

Արցունքաբեր Գեղձերու Կազմուածք Եւ Արցունքոտութիւն
Առողջապահական - Բժշկագիտական

Արցունքաբեր Գեղձերու Կազմուածք Եւ Արցունքոտութիւն

March 14, 2025
Նախագահ Քուլիճին Նուիրուած Ղազիրի Գորգին   Նմանօրինակը Քալիֆորնիոյ  Մէջ
Առողջապահական - Բժշկագիտական

Կապիկի Ծաղկախտ-Monkeypox

August 19, 2024
Գետ-Գիտութեան
Առողջապահական - Բժշկագիտական

Գետ-Գիտութեան

July 11, 2023
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.