Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ստացուած Գիրքեր. «Պատմութիւն Հայոց Աղօթամատոյցին» (Հեղինակ` Հայր Վարդան Հացունի)

June 13, 2018
| Մշակութային եւ Այլազան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

Մայր Աթոռ սուրբ Էջմիածնի տպարանէն 2015-ին լոյս տեսաւ հայր Վարդան Հացունիի «Պատմութիւն հայոց աղօթամատոյցին» հատորը (Բ. հրատարակութիւն), 544 էջ: Խմբագիր` Շահէ վարդապետ Անանեան:

«Երկու խօսք»-ին մէջ Շահէ վարդապետ կ՛ըսէ, որ հայր Վարդան Հացունիի «Պատմութիւն հայոց աղօթամատոյցին» աշխատութիւնը Ի. դարու հայ ծիսական գրականութեան, եւ ընդհանրապէս հայ ծէսի մասին ամէնէն ամբողջական աշխատութիւններէն մէկն է: Հայ ծէսի պատմութեան նուիրուած բազմաթիւ այլ գիտական աշխատութիւններ եւ մենագրութիւններ առաջ եկան Հացունիի այս դասական երկի կողքին, բայց Հացունիի գիրքը կը շարունակէ պահպանել իր կարեւորութիւնն ու նշանակութիւնը հայ ծէսի ուսումնասիրութեան ծիրէն ներս:

Հայր Վարդան Հացունիի գիրքին առաջին հրատարակութիւնը լոյս տեսած է 1965-ին, անոր մահէն աւելի քան քսան տարի ետք:

Գիրքը բաղկացած է երեք մասէ եւ յաւելուածական բաժինէ մը:

Առաջին մասը կարեւոր ծանօթութիւններ են աղօթքի պաշտամունքին, պաշտամունքի լեզուին, թիւ եւ ժամեր պաշտամունքին, ժամերու կոչումներուն եւ խորհուրդին, պաշտամունքի կազմակերպութեան, աղօթքի պաշտօնեաներու, աղօթքի վայրերու եւ պաշտամունքի սպասներու մասին:

Երկրորդ մասը աղօթամատոյցը եւ իր կազմաւորումն են: Աղօթամատոյցին անունը, աղօթամատոյցը Դ.-Ե. դարերուն, աղօթամատոյցը Զ.-Ը. դարերուն (գիշերային ժամ, առաւօտեան, Արեւագալ, Գ., Զ. եւ Թ. ժամեր, երեկոյեան եւ խաղաղական եւ շարականներ), աղօթամատոյցը: Թ. – Ժ. դարերուն (գիշերային ժամ, առաւօտեան ժամ եւ շարականներ), աղօթամատոյցը ԺԱ. – ԺԳ. դարերուն (արեւագալի պաշտօնը, ցերեկի երեք ժամերը, սեղանոյ օրհնութիւնը, եւ բարգաւաճում ու կարգապահութեան պաշտամունքի), եւ աղօթամատեանը յաջորդող դարերուն ու նորութիւններ:

Երրորդ մասը ծիսական հարցեր են` սրբազան սովորութիւններ (պատրաստութիւն պաշտամունքի, աղօթքի զգեստներ, լուացում, խնկարկութիւններ, աղօթքի ձեւեր եւ լռութիւն` յետ խաղաղականի), զանազանութիւն շաբթուան օրերու (երկուշաբթի, երեքշաբթի, հինգշաբթի, շաբաթ եւ կիրակի, չորեքշաբթի եւ ուրբաթ, հանգստեան տօներ եւ իւղաբերից կարգ), եւ պաշտօն հանգիստեան (հին օրեր, իններորդ դար, Մաքենեաց խրատները, անհատականները եւ խանգարում սովորութեան):

Յաւելուած բնագիրները խրատականներ են` ժամատեղեաց խրատք Մաքենեանց ուխտին, ժամատեղեայ խրատք Թեղենեանց ուխտին, եւ այլն:

 

 

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Ստացուած Գիրքեր. «Հոգեմատեան-Բանաստեղծութիւններ, Հոգեւոր Խորհրդածութիւններ, Հայ Եկեղեցւոյ Լուսապսակ Սուրբեր» (Հեղինակ` Կորիւն Արք. Պապեան)

RelatedPosts

Հերակլէսի Սրբավայրը  Եւ Ազնուականութեան Դամբարանները
Մշակութային եւ Այլազան

Հերակլէսի Սրբավայրը Եւ Ազնուականութեան Դամբարանները

January 30, 2026
Էրզրումի (Կարին) Երբեմնի Հայկական  Սանասարեան Վարժարանի Շէնքը Կը Քանդուի
Մշակութային եւ Այլազան

Էրզրումի (Կարին) Երբեմնի Հայկական Սանասարեան Վարժարանի Շէնքը Կը Քանդուի

January 23, 2026
ՏԱՀԵՇ-ի Առաջնորդին Բրիտանացի Կինը Եւ Անոր Կեանքը  Լոնտոնի Մէջ
Մշակութային եւ Այլազան

ՏԱՀԵՇ-ի Առաջնորդին Բրիտանացի Կինը Եւ Անոր Կեանքը Լոնտոնի Մէջ

January 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.