Ուքրանիոյ նախագահ Փիոթր Փորոշենքօ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցած է Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ: «Արմէնփրես» «ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը վկայակոչելով կը հաղորդէ, որ այս մասին կը յայտնէ Ուքրանիոյ նախագահի լրատուական ծառայութիւնը:
Փորոշենքօ եւ Փութին համաձայնած են, որ մօտ օրէն երկու երկիրներու մարդու իրաւունքները պաշտպանները միասնաբար այցելեն երկու կողմերուն մօտ կալանաւորուածներուն:



