Խըրխըզիստանի մէջ շարք մը աղմկայարոյց ձերբակալութիւններէ ետք դարձեալ նախկին նախագահ Ալմազպեք Աթամպայեւ յայտարարութիւն կատարած է` դատապարտելով իր աջակիցներուն դէմ հետապնդումները: Ան իր աջակիցներու ձերբակալութիւնները «քաղաքական շարժառիթ ունեցող» եւ «անհիմն» կոչած է: Այս մասին կը հաղորդէ «Նեզաւիսիմայա Կազեթա»:
«Խըրխըզիստանի նախկին վարչապետը (Սափար Իսաքով) եւ Պետական մաքսային ծառայութեան նախկին նախագահ, մեր կուսակցութեան քաղաքական խորհուրդի անդամ Քուպանըչպեք Քուլմաթովը ձերբակալելու որոշումը փտածութեան դէմ պայքար չէ», յայտարարած է ան:
Կայքը կը գրէ, որ նախկին նախագահը նշած է, թէ խելամտութեան հակառակ` փտածութեան մեղադրանքներով ձերբակալուած են մարդիկ, որոնք առանձնացած են փտածութեան դէմ պայքարին մէջ: «Սափար Իսաքովի կառավարութիւնը այս տարուան չորս ամիսներուն ընթացքին ապահոված է հինգ միլիառ սոմի պիւտճէի շահ:
«Անկախ Խըրխըզիստանի պատմութեան մէջ առաջին անգամ այդպիսի ցուցանիշ կ՛արձանագրուի: Եւ այստեղ առանցքային դեր խաղցած են մաքսային մարմիններէն վերադարձները, որոնք Իսաքովը եւ Քուլմաթովը սկսած են մաքրել փտածութիւններէն», ըսուած է Աթամպայեւի յայտարարութեան մէջ:
Կայքը կը յիշեցնէ, որ Իսաքովի դէմ Պիշքեքի ջրելեկտրակայանի արդիականացման ժամանակ փտածութեան գործով մեղադրանք առաջադրուած է: Ան կը մեղադրուի օտարերկրեայ ընկերութեան շահերու լոպիինկով զբաղելու յանցանքով:
Աթամպայեւ նշած է. «Մաքսային ծառայութեան մէջ թալանի ծաւալները ցոյց տուած պետական գործիչներու ձերբակալութեան մասին որոշումը ոչ անյայտ Ռայիմպեք Մաթրայիմովի (Մաքսային ծառայութեան ղեկավարի նախկին տեղակալ) ընկերներուն եւ հովանաւորներուն վրէժն է, որուն հեռացումէն ետք կարելի դարձան դրական փոփոխութիւններ եւ մաքսային վճարումներու կտրուկ աճ»:
Ըստ անոր, «ո՛չ Իսաքովը, ո՛չ Քուլմաթովը, որ կը մեղադրուի ջրելեկտրակայանի արդիականացման, շրջաններուն մէջ երկու նոր դպրոցի կառուցման համար տրամադրուած երկու միլիոն տոլարի դրամաշնորհային միջոցներու անօրինական իւրացման յանցանքով, իրաւասու չեն եղած կայացնել ինքնուրոյն որոշումներ, որոնք քննութեան կողմէ առաջադրուած մեղադրանքներու հիմքն են»:
Աթամպայեւի կարծիքով, «փտածութեան դէմ պայքարի մասին աղաղակներու անուան տակ փաստացիօրէն «վհուկներու որս» սկսած է անոնց դէմ, որոնք ունին իրենց կարծիքը, իրենց դիրքորոշումը»:



