Ելեւմուտքի նախարար Ալի Հասան Խալիլ ընկերային ցանցերուն վրայ կատարած իր գրառումին մէջ ըսաւ, թէ նախապէս չէր խօսած քաղաքացիութիւն շնորհող հրամանագիրին մասին: Ան աւելցուց. «Հիմա որ հրամանագիրը փոփոխութեան ենթարկելու կարելիութիւնը ստեղծուեցաւ, այսօր կը պահանջենք աղքատներուն քաղաքացիութիւն ստանալու իրաւունքը, ինչպէս նաեւ Ուատի Խալետի եւ 7 գիւղերու բնակիչներուն, եւ օտարներու հետ ամուսնացած լիբանանցի կիներուն իրենց զաւակներուն լիբանանեան քաղաքացիութիւն տալու իրաւունքը»:



