Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Սփիւռքահայ Մամուլ… Խոհեր Եւ Խնդիրներ

June 11, 2018
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Առհասարակ մամուլի մասին խօսելով` իբրեւ կիզակէտ նկատի կ՛ունենանք հաղորդակցութիւնը… կապ մը, միջոց մը, բնագաւառ մը, որ այնքան փոփոխութիւն կրած է (եւ դեռ ալ պիտի կրէ), որ իր իմաստն ու հասկացողութիւնը նոյնիսկ կորսնցուցած է:

Կարկինը քիչ մը սեղմելով` սփիւռքահայ մամուլին պարագան նոյնն է: Ան ծնունդ առած է Ցեղասպանութենէն առաջ իսկ… տարինե՜ր առաջ, յանձին հայ մամուլի ռահվիրայ Յարութիւն քհնյ. Շմաւոնեանի` սփիւռքեան իրավիճակին եւ գոյավիճակին հաղորդակցելու սկզբնական անհրաժեշտութենէն:

Հայր Շմաւոնեանին լոյս ընծայած «Ազդարար» ամսաթերթը (Մատրաս, Հնդկաստան), որ կարճ կեանք մը ունեցաւ` հոկտեմբեր 1794-էն մինչեւ մարտ 1796, ընդամէնը 18 թիւ հրատարակելով, նպատակ ունէր կամրջել այդ օրերուն Ասիոյ մէջ բնակութիւն հաստատած հայ վաճառականները` ազգային եւ մշակութային լուրեր հաղորդելով:

Ներկայ ժամանակներուն հայ մամուլի ու սփիւռքի առնչութիւնը կը մեկնի կապ հաստատելու եւ հաղորդակցելու սկզբնական այն կարիքԷն, զոր Հայոց ցեղասպանութեան վերապրողները զգացին` գիտակից ըլլալով օրուան արգելքները, խոչընդոտներն ու լուռ ցաւերը հասկնալու անհրաժեշտութեան:

Ցեղասպանութեան յաջորդ սերունդը գործօն դերակատարը եղաւ սփիւռքեան գոյավիճակի տագնապին, որուն հանդէպ մամուլը յատուկ գուրգուրանք ունեցաւ: Սակայն յստակ է, որ անոր հասկացողութիւնը, դերակատարութիւնն ու անհրաժեշտ վերասահմանումը հարցադրումի տակ կը մնան:

Այո՛… շարունակ մուտք գործող առցանցային ու ելեկտրոնային համակարգեր, սկսելով պարզ ել-նամակներէն մինչեւ Դիմատետր, Դայլայլիչ եւ այլն, միեւնոյն ժամանակ թէ՛ դիւրացուցած եւ թէ՛ դժուարացուցած են ընդհանրապէս մամուլի եւ յատկապէս սփիւռքահայ մամուլի պարտականութիւնը:

Լուրերը կայծակնային արագութեամբ կը տարածուին վերոյիշեալ կառոյցներուն միջոցաւ, սակայն բազմիցս կը հանդիպինք մերթ անմակարդակ եւ մերթ կիսատ-պռատ մատուցումներու:

Աւելի՛ն. մատը վէրքին վրայ դնելով` ազգային առաքելութիւն-դերակատարութիւն  եւ լեզու-մամուլ ներդաշնակ գործօնը խաթարուած ու սայթաքած է: Դժուար է քայլ պահել գլխապտոյտ պատճառող ելեկտրոնային զարգացումներուն հետ: Այս անիշխանական մթնոլորտին մէջ անձն ու անհատը սկսած են գերազանցել հաւաքական մտածելակերպ կոչուած երբեմնի հասկացողութիւնը: Հետեւաբար, այս կացութեան լոյսին տակ, մամուլի «չորրորդ իշխանութիւն» հասկացողութիւնը դուրս եկած է այդ դասակարգային բաժանումէն: Պատճառն այն է, որ զայն նախորդող երեք իշխանութիւններուն (առաջին` կղերական, երկրորդ` ազնուական եւ երրորդ` հասարակ քաղաքացիի) հասկացողութիւնն ալ խախտած է:

Այս մտահոգութիւններու միտք բանին սփիւռքի մէջ հայ մամուլի ներկայ կացութիւնը կառուցողական փակուղիի մէջ տեղադրելը չէ: Բնականաբար, փորձարկումներ եւ փորձառութիւններ կան, զորս կարելի է իրականացնել` դէմ դնելով գոյութիւն ունեցող մարտահրաւէրներուն:

 

Նախորդը

50 Տարի Առաջ (11 Յունիս 1968)

Յաջորդը

Հաղորդագրութիւն (Ամփոփիչ Լրատուութիւն). Կայացաւ Լրագրողների Համահայկական 9-րդ Համաժողովը

RelatedPosts

Հայաստանի Քաղաքական Փակուղին Եւ Անոր Յաղթահարման Նախադրեալները
Անդրադարձ

Ազգային Ժողո՞վ, Թէ՞ Քաղաքական Հաշուեյարդարի Բեմ

November 4, 2026
Վտանգը
Անդրադարձ

Նստարանէս

November 4, 2026
Սփիւռք Ըլլալու Տարբեր Ձեւերը
Անդրադարձ

Սփիւռք Ըլլալու Տարբեր Ձեւերը

November 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.