ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ)
Հեռաձայնային լայն կապեր պիտի հաստատէք: Ձեր հեռաձայնը հնչելէ պիտի չդադրի: Ձեր անունը մի՛ աղաւաղէք: Կարեւոր այցելութիւններ տուէք:
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Կարգաւորեցէք ձեր նիւթական պարտաւորութիւնները: Յարմար ժամանակ է սկսելու նոր գործ մը, բայց գործադրութենէն առաջ լաւապէս սերտեցէք ձեր քայլերը: Ձեր հաշիւները վերատեսութեան ենթարկեցէք:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Ամսուան գեղեցիկ օրերէն մէկն է: Մեծ շահեր պիտի ապահովէք եւ յաջողութիւններ պիտի արձանագրէք: Կացութիւնը լաւ ընթացքի մէջ է: Բազմաթիւ հարցերու պատասխան պիտի գտնէք:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Հոգեկան յոգնութիւն պիտի զգաք: Ձեր թերութեան պատճառով մեղադրանք մը պիտի լսէք: Հանդարտութեամբ վերատեսութեան ենթարկեցէք ձեր հաշիւները: Ճակատագրական որոշումներ մի՛ տաք:
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Հաճելի ժամանակ պիտի անցընէք ձեր ընկերներուն հետ: Ձեր տագնապը յարաբերաբար պիտի նուազի: Քայլերու պիտի դիմէք` բարելաւելու ձեր անձնական վիճակը:
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Ձեր անունը մի՛ աղաւաղէք: Կացութիւնը բարդ է ու դժուար բոլոր մարզերուն մէջ: Ուշադրութիւն ըրէք ձեր խօսած ամէն մէկ բառին, յանկարծ չզղջաք: Լուսարձակներու տակ պիտի յայտնուիք:
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Նախապէս ձեր ձախողած բոլոր փորձերը կրկնեցէք: Իրագործեցէք ձեր բոլոր փափաքները: Դրական նշան մը պիտի ստանաք: Պարագաները յարմար են մօտենալու ուրիշներուն: Ամսուան լաւ օրերէն մէկն է:
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Ձեր պատասխանատուութիւնները պիտի ծանրանան: Յոգնութիւն պիտի զգաք: Մի՛ թերանաք առողջական խնդիրներու մէջ: Առաջնահերթութիւնները նկատի առէք եւ կանգ մի՛ առնէք մանրամասնութիւններուն վրայ:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Պրկուած շրջան մը պիտի ապրիք: Մի՛ անտեսէք թելադրանքները եւ ի՛ ընդվզիք: Ճնշում պիտի զգաք: Մրցակցութիւնը զօրաւոր է: Ձեր հակառակորդները կ՛աշխատին թակարդ լարել ձեր դէմ: Դժուար շրջան մըն է:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Կանուխ գացէք աշխատանքի եւ դուք ձեզ մի՛ յոգնեցնէք: Մի՛ ուշանաք ձեր գործէն: Դէմ մի՛ կենաք օրէնքներուն եւ կանոններուն: Աշխատանքով լեցուն շրջան մըն է:
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Բարեկամներու կողքին հաճելի ժամանակ պիտի անցընէք: Յարմար ժամանակ է յարաբերութիւնները ամրապնդելու: Ընկերային աշխուժ օր մը պիտի ունենաք: Պիտի ուրախանաք ձեր ընկերներով: Բախտաւոր շրջան մըն է:
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Ընտանեկան եւ անձնական հարցեր պիտի ծագին, որոնք նեղութիւն եւ տագնապ պիտի պատճառեն: Բոլոր պատերազմներէն յաղթական դուրս պիտի գաք: Պիտի վերագտնէք ձեր դիրքը:
