Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ուխտի Ճանապարհներ. Եղիա Տեմիրճիպաշեանին Գերեզմանը

June 9, 2018
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԴՈԿՏ. ՎԵՀՈՒՆԻ ՄԻՆԱՍԵԱՆ

«Հայկական Պոլիս» դեգերումներուս մէջ հրճուալի զուգադիպութեամբ, պատահական տեղացիի մը յանձնարարականով այցի գացի Շիշլի թաղամաս: Ցաւօք տեղեկացայ, որ հայոց գերեզմանատունը Թուրքիոյ Հանրապետութեան առաջին տարիներուն բռնազաւթուած էր պետութեան կողմէ: Տեղեկացայ նմանապէս, որ 1893 թուականին Օսմանեան կայսրութեան արտօնագրով գերեզմանի մուտքին կառուցուած են դիւանատան կամ պահապաններու եւ քահանաներու համար կառոյցներ: Իսկ 1903 թուականին ալ օրուան պատրիարք Մաղաքիա Օրմանեանի ծրագրով  Միհրան խալիֆա  օգնած է գերեզմանատան  դարպասները վերակառուցելու:

Շիշլիի Գերեզմանատան մուտքը

Գերեզմանատուն այցելութեանս ընթացքին հոն թաղուած գտայ` նոյնինքն Մաղաքիա Օրմանեան պատրիարքը, Սիպիլը (Զապէլ Ասատուր), Եղիա Տեմիրճիպաշեանը եւ վերջին տարիներուն` Յակոբ Մնձուրին: Նաեւ` շատ մը յուշարձաններ եւ դամբարաններ: Այս բոլոր բացայայտումներուն միջոցին վերյիշեցի ժամանակ մը առաջ պոլսահայ օրաթերթի մը մէջ կարդացածս` Ե. Տեմիրճիպաշեանի եղերական վախճանին մասին:

Մօր մահէն ետք դժբախտ պայմաններու մէջ ապրելով, արդէն հիւծախտէն տառապող` պատահականօրէն կը ծանօթանայ օտարերկրացի կնոջ մը, որ կորսնցուցած էր ամուսինը, եւ կ՛արժանանայ անոր խնամքին` բարեկամական անքակտելի կապով մը. Եղիան յաւիտենական սիրով մը կը կապուի անոր, որ մինչեւ մահուան դուռ կը հասցնէ զինք` կախուելով կաշիէ գօտիով մը: Օրմանեան պատրիարքի արտօնութեամբ, Եղիային թաղումը կը կատարուի Պոլսոյ մեր եկեղեցիներէն մէկուն մէջ` կանոնական արարողութեամբ, ապա մարմինը կը փոխադրուի Շիշլիի այս գերեզմանատունը եւ կը թաղուի անձնասպաններու յատկացուած թաղամասին մէջ: Հետագային վերանշուած տիկինը, Եղիշէ Դուրեան պատրիարքին արտօնութեամբ, Եղիային մարմինը տեղափոխել եւ վերաթաղել կու տայ նոյն այս գերեզմանատան կեդրոնը` կանգնեցնելով այսօր իմ այցելած ուշագրաւ իր դամբարանը: Նաեւ մտաբերեցի Փարիզ` Հայ գրագէտներու բարեկամներ խմբակին կողմէ հրատարակուած Եղիային գիրքը` «Արձակ էջեր, նամակներ, քերթուածներ» անունով:

Այսօր քրքրելով` գտայ քերթուածի մը հետեւեալ երկու տողերը ու կը մտածեմ, թէ որքա՛ն ճիշդ են:

«Մա՜յրս է, Մա՜յրս է… որ կ՛անիծէ զիս.
«Տղա՛ս, գրո՛ղ եղար, անօթի պիտի մեռնիս…»:

 

 

 

 

 

 

Նախորդը

Կիպրոսի ԷՏԷՔ Ընկերվարական Կուսակցութեան Ներկայացուցիչները Արցախի Մէջ

Յաջորդը

Երուանդ Չաթալպաշեանին Մահուան Քառասունքին Առիթով

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Խորհրդարանական Հարցապնդում Եւ Խաղաղութեան Խոստում

September 16, 2026
Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը.  Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով
Անդրադարձ

Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը. Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով

September 16, 2026
Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ
Անդրադարձ

Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.