Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Պէտք Է Աշխատինք Քաղաքականութիւնը Վերածել Երկրին Ապահովական Կայունութեան Եւ Քաղաքացիական Անվտանգութեան Երաշխիքին» Շեշտեց Ապպաս Իպրահիմ

June 8, 2018
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ընդհանուր ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ երէկ ընդունեց հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու ընդհանուր հրամանատար զօր. Մայքըլ Պերին, որուն հետ քննարկեց Լիբանանի եւ շրջանին մէջ տիրող կացութիւնը, ինչպէս նաեւ հարաւային Լիբանանի սահմանամերձ շրջաններուն մէջ ապահովական կայունութիւնը պահպանելու միջոցները:

Միւս կողմէ, Իպրահիմ Ընդհանուր ապահովութեան ուժերու պաշտօնաթերթի առաջնորդող յօդուածին մէջ շեշտեց, որ Միջին Արեւելքը, որուն անունը ուղղակիօրէն կապուած է պատերազմներու, քաղաքական խախուտ համաձայնութիւններու եւ արիւնահեղութեան, պատահական կերպով չէ, որ լքուած է եւ քառասուն տարիէ ի վեր կը դիմագրաւէ արաբական-իսրայէլեան եւ միջարաբական բախումներ:

Իպրահիմ շեշտեց, որ բնաւ զուգադիպութիւն չէ, որ յարանուանական տագնապները դրսեւորուին արիւնալի բախումներով, պատերազմներով եւ ծրագրուած ու շրջուն ահաբեկչութեամբ:

Ապպաս անդրադարձաւ նաեւ եմէնեան երկխօսութեան ձախողութեան եւ Իրաքի կացութիւնը հակակշիռի տակ առնելու իմաստով սէուտական-իրանեան տագնապին շարունակութեան` աւելցնելով, որ Սուրիոյ մէջ բախումներու սրումն ու Սուրիոյ քաղաքական տագնապին քաղաքական լուծում մը գտնելը եւս պատահական չեն:

Ապպաս Իպրահիմ մէջբերեց գերմանացի փիլիսոփայ Քարլ վոն Քլաուցֆիցի խօսքերէն հետեւեալը. «Պատերազմը այլ ձեւերով քաղաքականութեան դրսեւորումն է»:

Ան նշեց, որ այս երեւոյթը պէտք է բարեփոխումի ենթարկել եւ քաղաքականութիւնը վերածել ապահովական կայունութեան երաշխիքին:

 

Նախորդը

Բանակի Հրամանատարը Այցելեց Արեւմտեան Պեքաա

Յաջորդը

Գրիգոր Պետրոս Ի. Կաթողիկոս Պատրիարքը Այցելեց Նախագահ Աունի

RelatedPosts

Հեռաձայնելով Սալամին`  «Լիբանանի Կայունութեան Ու Հողային  Ամբողջականութեան Կը Զօրակցինք»  Կ՛ըսէ Քաթարի Վարչապետը
Գլխաւոր լուրեր

Հեռաձայնելով Սալամին` «Լիբանանի Կայունութեան Ու Հողային Ամբողջականութեան Կը Զօրակցինք» Կ՛ըսէ Քաթարի Վարչապետը

November 4, 2026
Սուրիա Հոմսի Քարիւղի Զտարանը Թիրախաւորող  «Հըզպալլայի Ահաբեկչական Ծրագիր»-ի  Ձախողութեան Մատնուիլը Յայտարարեց
Լիբանանեան

Սուրիա Հոմսի Քարիւղի Զտարանը Թիրախաւորող «Հըզպալլայի Ահաբեկչական Ծրագիր»-ի Ձախողութեան Մատնուիլը Յայտարարեց

November 4, 2026
Պայրագտարեան Ընդունեց  Պատուելի Թերզեանը
Լիբանանեան

Պայրագտարեան Ընդունեց Պատուելի Թերզեանը

November 4, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.