Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Ընենք Այն, Ինչ Որ Պէտք Է Այսօր Ընենք» Կ՛ըսէ Գէորգի Պետրոսեան

June 5, 2018
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի պատգամաւոր Գէորգի Պետրոսեան երէկ Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի արտահերթ լիագումար նիստին ընթացքին կատարեց հետեւեալ յայտարարութիւնը.

«Մենք աղէտի ծայրին ենք: Համակարգի ճգնաժամը հասած է այստեղ: Եւ ի՞նչն է անոր պատճառը: Այն, որ 1 յունիսին երեխաները դուրս եկան ինչ որ բողո՞ք յայտնելու: Ո՛չ: Այն խնդիրները, որ կուտակուած են թէ՛ Հայաստանի, թէ՛ Արցախի, թէ՛ ընդհանրապէս մեր շուրջ: Մենք կը խօսէինք Թաւշեայ յեղափոխութեան մասին: Ոչ մէկ յեղափոխութիւն ալ չէ եղած, եղած է քաղաքական երկրաշարժ հայութեան մէջ: Երկրաշարժ էր ասիկա, ոչ թէ յեղափոխութիւն կամ իշխանափոխութիւն` բոլորիս համար եւ, նախ եւ առաջ, մեր մտածելակերպին մէջ, որովհետեւ մենք արդէն իսկ տարիներու ընթացքին սորված ենք դիւանակալական ըլլալ` մէկը ըսէ, մենք ընենք: Քաղաքական գործընթաց, քաղաքական կամք, քաղաքական մտածելակերպ, ալ չեմ ըսեր` պետական, սկսած է վերանալ մեր մէջ: Ազգային ժողովին մէջ քննիչ յանձնաժողով կը ստեղծենք այսօր: Այս տարիներու ընթացքին չե՞ն եղած հասարակական հնչեղութիւն ունեցող դէպքեր: Բան մը փորձա՞ծ ենք ընել: Ո՛չ:

Երբ Հայաստանի մէջ կը կատարուէր այդ երկրաշարժը, մենք հաւաքուեցա՞նք գոնէ` հասկնալու` կ՛ազդէ՞ ատիկա մեր վրայ, թէ ոչ: Չենք հասկցած, որ չի կրնար հայրենիքի մէկ մասին մէջ բան մը ըլլայ, այս մասին մէջ ուրիշ: Ինչո՞ւ չենք ըրած: Դաւիթ Մելքումեանը իր ելոյթին մէջ ըսաւ, թէ ինքզինք կը մեղադրէ: Ես ալ ինքզինքս կը մեղադրեմ, որովհետեւ ես ատիկա տեսած եմ, եւ ներողութիւն կը խնդրեմ, որովհետեւ ամէնէն մեծ մեղաւորը ես եմ: Ես ալ այս երկրի ղեկավարը եղած եմ: Կը տեսնէի` ինչ կը կատարուէր, կը տեսնէի` ինչ պիտի կատարուէր, որովհետեւ դուք բոլորդ ինծի հետ միասին դիւանակալներ էք, ուղղակի` դիւանակալներ:

Եւ վերջինը, որ կ՛ուզեմ ըսել` այն, ինչ որ կատարուած է, մեր անվտանգութեան հզօր հարուած էր: Կապ չունի` ինչէ՛ն սկսած է, ո՛վ  սկսած է, ի՛նչ պատճառով սկսած է: Ատիկա սկսած է, եւ արդէն աղէտալի վիճակի եզրին ենք: Որո՞նք են այդ վիճակին դրդապատճառները:

Մեղաւորները ես եմ եւ դուք: Մեր երեք կուսակցութիւնները մէկ տարի առաջ յայտարարեցին, որ նախագահը մեր թեկնածուն է: Եւ ի՞նչ: Այսօրուան վիճակին մէջ իրեն մինակ չե՞նք ձգեր: Մինակ չէ՞: Մինակ է: Ի՞նչ ըրած ենք մենք: Ուրեմն` մենք կը կեղծենք: Ներքին դաւադրութեան խնդիրներ կան, որոնք չեն բացայայտուիր եւ չեն քննարկուիր: Այս է իրավիճակը: Որեմն, ինչ է, պէտք է քաղաքական երկրաշա՞րժ ըլլար Հայաստանի մէջ, որ մենք ատիկա հասկնանք: Անընդհատ կը խօսէինք անվտանգութեան մասին: Իբրեւ խորհրդարան` մենք գոնէ փորձա՞ծ ենք հասկնալ` ի՞նչ կատարուած է եւ ի՞նչ դրդապատճառ ունէր 2 ապրիլին   կատարուածը: Գոնէ մտածա՞ծ ենք այդ մասին:

Որոշած ենք առանձին հանդիպում խնդրել նախագահէն, իբրեւ երկրի ղեկավար, մեր առաջարկները եւ պահանջները ներկայացնել: Եկած է քաղաքական կամք ցուցաբերելու եւ ոչ թէ սովորական քայլեր ձեռնարկելու ժամանակը:

Իրապէս անկեղծ ըլլանք, չսկսինք այսօրուան վիճակին մէջ մտածել, թէ 2020-էն ետք ինչ պիտի ըլլայ: Չմտածենք անոր մասին: Ընենք այն, ինչ որ պէտք է այսօր ընենք: Խաղեր չխաղանք: Այդ մէկը իբրեւ մարդ կ՛ըսեմ, որովհետեւ ատիկա արդէն իսկ շատ պարզ կ՛երեւի:

Կարելի չէ քու սեփական ինքնիշխանութիւնդ ինչ որ մէկուն տալ: Բոլոր խնդիրները պէտք է լուծուին այստեղ: Միայն ատիկա պիտի ըլլայ  երաշխիքը, որ ասիկա պետութիւն պիտի ըլլայ: Թէ չէ` արդէն սկսած ենք կեղծել: Մենք ալ չենք հաւատար` մենք պետութի՞ւն ենք, թէ՞ ինչ ենք: Եթէ  վաղը այն երիտասարդները մեզի գնդակահարեն այս դահլիճին մէջ, գուցէ արդար կ՛ըլլան»:

 

 

Նախորդը

«Պաալպեքի Ապահովական Կայունութիւնը Պիտի Վերահաստատենք» Շեշտեց Նախագահ Աուն

Յաջորդը

Իշխանեան. «Մենք Պէտք Է Ապրինք Պարզ Ու Հասարակ, Ժողովուրդին Հետ Համաքայլ»

RelatedPosts

Միացեալ Նահանգներու Մէջ`  Միջանկեալ Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Միացեալ Նահանգներու Մէջ` Միջանկեալ Ընտրութիւններ

November 4, 2026
Թրամփ. «Իրանի Հետ Համաձայնութիւն  Գոյացնելու Շատ Մեծ Հաւանականութիւն Կայ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Իրանի Հետ Համաձայնութիւն Գոյացնելու Շատ Մեծ Հաւանականութիւն Կայ»

November 4, 2026
Իրանեան Զինեալ Ուժերու  Սպայակոյտի Պետը Յայտարարեց.  «Տեւական Անվտանգութեան Հաստատման Իրանի  Ծրագիրը Լիբանանի Եւ Կազայի Մէջ  Պատերազմի Աւարտը Կը Ներառէ»
Գլխաւոր լուրեր

Իրանեան Զինեալ Ուժերու Սպայակոյտի Պետը Յայտարարեց. «Տեւական Անվտանգութեան Հաստատման Իրանի Ծրագիրը Լիբանանի Եւ Կազայի Մէջ Պատերազմի Աւարտը Կը Ներառէ»

November 4, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.