Հզօր Լիբանան համախմբումի ընդհանուր քարտուղար, երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան շեշտեց, որ համախմբումը ընտրած է Զահլէն` առանձնանալու եւ իր միօրեայ դռնփակ հանդիպումը կատարելու` մշակելու համար աշխատանքային իր ծրագիրները եւ արժեւորելու համար զանոնք:
Քանաան հաստատեց, որ նաւթի, կազի, ելեկտրականութեան եւ ընկերային հարցեր յուզող տագնապներուն լուծումները բոլոր երեսփոխաններուն միջեւ հաւաքական եւ համակարգուած աշխատանք կ՛ենթադրեն: «Հետեւաբար նման հանդիպումի մը կարիքը զգացուեցաւ` լուծումներ տրամադրել կարենալու այդ հարցերուն», ըսաւ ան:
Քանաան մաղթեց, որ լիբանանեան քաղաքական բոլոր ուժերը նման նախաձեռնութիւններ կատարեն` հզօր եւ անկախ պետութիւն մը հիմնելու համար:
Նշենք, որ համախմբումի բոլոր անդամները այս նպատակով երէկ ուղղուեցան Զահլէ:



