
Լիբանանի ֆութպոլի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան իր մասնակցութիւնը բերող Ախա Ահլի Ալէյ նախորդ շաբաթավերջին հաղորդագրութեամբ մը յայտարարեց, որ երկարաձգեց պայմանագրութիւնը իր մարզիկին` Մոհամետ Համուտի հետ: Ան նշեց, որ գոհ է ելոյթներէն:
Նշենք, որ Համուտ երկու տարեշրջան առաջ Սաֆայէն միացաւ Ախա Ահլի Ալէյի: