Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կազայի Դէմ Իսրայէլեան Օդային Հարուածներու Մագլցում

June 4, 2018
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Իսրայէլեան օդուժը շարք մը յարձակումներ գործեց Կազայի մէջ պաղեստինեան դիմադրութեան դիրքերուն դէմ, իսկ վերջինս հակադարձեց հրթիռներ արձակելով բռնագրաւեալ հողերուն ուղղութեամբ:

Իսրայէլեան լրատուամիջոցներ հաղորդեցին, որ Կազայի մերձակայ շրջաններուն մէջ քանի մը անգամ ահազանգ հնչած է եւ իսրայէլեան օդային պաշտպանութեան «Պողպատեայ գմբէթ» համակարգը Ստերոթի վերեւ վնասազերծած է հրթիռ մը:

Ըստ իսրայէլեան լրատուամիջոցներու, իսրայէլեան ռմբաձիգներ յարձակում գործած են Կազայի մէջ պաղեստինեան Համաս շարժումին պատկանող 10 դիրքերու դէմ, ներառեալ` զինուորական արտադրութիւններու դիրքերը:

Իսրայէլեան բանակը իր կարգին յայտարարեց, թէ իր ռմբաձիգները յարձակում գործած են յաւելեալ 5 դիրքերու դէմ, ներառեալ` Համասի ծովուժին պատկանող զինուորական դիրք մը:

Իսրայէլեան բանակը նաեւ յայտնեց, որ Կազայէն Իսրայէլի դէմ արձակուած են առնուազն 4 հրթիռներ, որոնցմէ երեքը վնասազերծուած են, իսկ չորրորդը անհետացած է: Իսրայէլեան բանակը հրթիռարձակումներուն համար պատասխանատու նկատեց Համասը:

Իսրայէլեան մագլցումէն ժամեր առաջ Կազայի մէջ տեղի ունեցաւ պաղեստինցի հիւանդապահուհի Ռազան Նաժժարի յուղարկաւորութիւնը, որուն մասնակիցներն ու պաղեստինեան մարդու իրաւունքներու միութիւնները պահանջեցին դատի ենթարկել Իսրայէլը հիւանդապահուհիին սպանութեան համար:

Իսրայէլացի զինուորներ Նաժժարը սպաննած էին, մինչ ան կը փորձէր պաղեստինցի վիրաւորի մը նախնական դարմանում տրամադրել:

 

Նախորդը

Ապտալլա Բ. Թագաւորը Երկխօսութեան Կոչ Կ՛ուղղէ. Յորդանանի Մէջ Տուրքերու Բարձրացման Օրինագիծին Դէմ Բողոքի Ցոյցերը Կը Շարունակուին

Յաջորդը

Թրքական Բանակը 26 Քիլոմեթր Յառաջացած Է Դէպի Հիւսիսային Իրաք

RelatedPosts

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը  «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ

October 28, 2026
Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան  Խորհրդարանական Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան Խորհրդարանական Ընտրութիւններ

October 28, 2026
Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ  Վրայ Յարձակումին`  Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ  Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց
Գլխաւոր լուրեր

Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ Վրայ Յարձակումին` Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.