Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԵԽԽՎ-ն Մտահոգութիւն Յայտնած Է Թուրքիոյ Մէջ Տեղի Ունենալիք Արտակարգ Ընտրութիւններուն Վերաբերեալ

June 2, 2018
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Եւրոպական խորհուրդի Խորհրդարանական վեհաժողովի (ԵԽԽՎ) պատուիրակութիւնը հրապարակած է զեկուցում մը Թուրքիոյ մէջ 24 յունիսին տեղի ունենալիք արտակարգ նախագահական եւ խորհրդարանական ընտրութիւններուն ընդառաջ երկրին մէջ տիրող իրավիճակին վերաբերեալ: Այս մասին կը հաղորդէ «Տէօչէ Վելլէ» պատկերասփիւռի ընկերութեան թրքական ծառայութիւնը:

Զեկուցումը փաստած է, որ Թուրքիոյ մէջ 2016-էն մինչեւ օրս շարունակուող արտակարգ դրութիւնը, երկրին արեւելեան շրջաններուն մէջ իրականացուող զինուորական գործողութիւնները, խօսքի ազատութեան սահմանափակումները, լրագրողներու կամ ընդդիմադիր քաղաքական գործիչներու բանտարկութիւնները բացասաբար կ՛ազդեն նախընտրական մթնոլորտին վրայ:

Զեկուցումը պատրաստած պատուիրակութիւնը, որ երկօրեայ այցելութեամբ հասած էր Թուրքիա, ուշադրութիւն հրաւիրած է նաեւ այն փաստին վրայ, որ ընտրութիւններու ժամկէտներուն սահմանումէն ընդամէնը մէկ ամիս առաջ, Ընտրական օրէնսգիրքին մէջ էական փոփոխութիւններ կատարուած են, ինչ որ կը հակասէ Վենետիկի յանձնաժողովի սկզբունքներուն:

Ըստ ԵԽԽՎ-ի ներկայացուցիչներուն, տուեալ օրէնսդրութեան փոփոխութիւնները կրնան աւելցնել ընտրական հոլովոյթին կողմնակի միջամտութեան վտանգները եւ նուազեցնել անվտանգ ու արդար ընտրութիւններու երաշխիքները:

Թուրքիոյ Ընտրական գերագոյն խորհուրդի նախագահը մերժած է հանդիպիլ ԵԽԽՎ-ի պատուիրակութեան հետ:

Նախորդը

Արամ Ա. Կաթողիկոսին Այցելեց Ասորի Ուղղափառ Եկեղեցւոյ Պետ Մար Աֆրամ Բ. Պատրիարքին Ներկայացուցիչը

Յաջորդը

Սպանիոյ Խորհրդարանը Անվստահութիւն Յայտնեց Ռախոյի Կառավարութեան

RelatedPosts

Թրամփ. «Պենզինի Գինի Բարձրացման Պատճառը  Հորմուզի Նեղուցը Չէ, Այլ` Ուքրանիան  Ու Դեմոկրատականները»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Պենզինի Գինի Բարձրացման Պատճառը Հորմուզի Նեղուցը Չէ, Այլ` Ուքրանիան Ու Դեմոկրատականները»

October 7, 2026
Մեքքայի Դաշինք. «Անմիջապէս Սկսիլ Զինուորական  Ուժերու Եւ Կարողութիւններու  Սէուտական Արաբիոյ Մէջ Տեղակայումը»
Գլխաւոր լուրեր

Մեքքայի Դաշինք. «Անմիջապէս Սկսիլ Զինուորական Ուժերու Եւ Կարողութիւններու Սէուտական Արաբիոյ Մէջ Տեղակայումը»

October 7, 2026
Քաց. «Չարիքի Առանցքը Քայքայուեցաւ,  Եւ Թեհրանին Պիտի Ընենք Այն, Ինչ Որ Հըզպալլային,  Համասին, Ասատին Եւ Հուսիներուն Ըրինք»
Գլխաւոր լուրեր

Քաց 7 Հոկտեմբերի Նախօրեակին Բանակը Դրած Է Առաւելագոյն Մարտական Պատրաստուածութեան Մէջ

October 7, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.