Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախագահ Աուն Հետեւեցաւ Պաալպեք-Հերմելի Ապահովական Իրադարձութիւններուն

June 1, 2018
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ յաջողութեան իր բարեմաղթութիւնները յայտնեց պետական քննութիւններուն ներկայացող բոլոր աշակերտներուն:

Միւս կողմէ, նախագահ Աուն նախագահական պալատին մէջ ընդունեց ներքին գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուքը եւ Պաալպեք-Հերմելի նահանգապետ Պաշիր Խտըրը, որոնց հետ քննարկեց Պաալպեքի մէջ տիրող ապահովական իրավիճակն ու արձանագրուած խախտումները:

Նախագահ Աուն հաստատեց, որ քաղաքական ղեկավարութիւններուն եւ ապահովական հեղինակութիւններուն հետ պիտի կատարուին շարք մը հանդիպումներ, որպէսզի կարելի ըլլայ սանձել Պաալպեք-Հերմելի մէջ տիրող ապահովական խախտումներն ու ապօրինութիւնները:

Ան նշեց, որ ինք այս հարցը համադրաբար պիտի շարունակէ հետապնդել վարչապետ Սաատ Հարիրիի, Պաշտպանութեան գերագոյն խորհուրդի անդամներուն եւ քաղաքական հեղինակութիւններուն հետ` կարենալ գործնական քայլեր որդեգրելու համար:

Հանդիպումէն ետք Մաշնուք յայտնեց, որ հանդիպումին ընթացքին նախագահ Աունը տեղեակ պահած են Պաալպեք-Հերմելի մէջ տիրող ընդհանուր կացութեան մասին` աւելցնելով, որ հոն կը տիրէ ողբերգական, անարդար եւ անտրամաբանական կացութիւն, որ իր վատ ազդեցութիւնը կ՛ունենայ Պաալպեք-Հերմելի բոլոր բնակիչներուն վրայ:

Մաշնուք նկատել տուաւ, որ իրենք կը պահանջեն շրջանին մէջ կացութիւնը հակակշիռի տակ առնել եւ ապահովական կայունութիւն հաստատել` երաշխաւորելու համար շրջանի բնակչութեան անվտանգութիւնը:

Մաշնուք հաստատեց, որ Պաալպեք-Հերմելի մէջ ապահովութիւնը վերահաստատելու իմաստով Պաշտպանութեան գերագոյն խորհուրդին կողմէ պիտի մշակուի ծրագիր մը, որուն պիտի մասնակցին լիբանանեան բանակն ու ապահովական կառոյցները` մշակումի եւ գործնական քայլեր առնելու իմաստով:

Նախագահ Աուն ընդունեց նաեւ ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարար Սեզար Ապի Խալիլը, ընկերակցութեամբ ըմպելի ջուրի ընկերութեան ներկայացուցիչներուն:

Նախագահ Աունի այցելուներէն եղաւ նաեւ Սահմանադրական խորհուրդի նախագահ, դատախազ Իսամ Սլէյմանը:

Նախորդը

«Սուրիացի Տեղահանուածներու Իրավիճակի Օրինականացումը Չ՛ենթադրեր Լիբանանի Մէջ Անոնց Մնայուն Կեցութիւնը» Շեշտեց Ապպաս Իպրահիմ

Յաջորդը

Տեմիրթաշ. «Քիւրտ Զինեալները Պէտք Է Վար Դնեն Զէնքը»

RelatedPosts

Հեռաձայնելով Սալամին`  «Լիբանանի Կայունութեան Ու Հողային  Ամբողջականութեան Կը Զօրակցինք»  Կ՛ըսէ Քաթարի Վարչապետը
Գլխաւոր լուրեր

Հեռաձայնելով Սալամին` «Լիբանանի Կայունութեան Ու Հողային Ամբողջականութեան Կը Զօրակցինք» Կ՛ըսէ Քաթարի Վարչապետը

November 4, 2026
Սուրիա Հոմսի Քարիւղի Զտարանը Թիրախաւորող  «Հըզպալլայի Ահաբեկչական Ծրագիր»-ի  Ձախողութեան Մատնուիլը Յայտարարեց
Լիբանանեան

Սուրիա Հոմսի Քարիւղի Զտարանը Թիրախաւորող «Հըզպալլայի Ահաբեկչական Ծրագիր»-ի Ձախողութեան Մատնուիլը Յայտարարեց

November 4, 2026
Պայրագտարեան Ընդունեց  Պատուելի Թերզեանը
Լիբանանեան

Պայրագտարեան Ընդունեց Պատուելի Թերզեանը

November 4, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.