Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

June 1, 2018
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՄԱՐՈՆԻ համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը աւարտելէ ետք Փարիզ կատարած իր պաշտօնական այցելութիւնը, վերադարձաւ Պէյրութ:

ՎԱՐՉԱՊԵՏ Սաատ Հարիրի յառաջիկայ շաբթուան ընթացքին պիտի վերադառնայ Լիբանան, եւ կը նախատեսուի, որ աւելի մօտէն հետեւի կառավարութեան կազմութեան աշխատանքներուն:

ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ փոխնախագահ Էլի Ֆըրզլի հաստատեց, որ ոչ ոք կրնայ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի իրաւասութիւնները չեղեալ նկատել, որովհետեւ անոնք սահմանադրութեամբ ճշդուած են:

ԵՐԷԿ գիշեր իսրայէլեան օդուժը ոտնձգութիւններ գործեց լիբանանեան գերիշխանութեան դէմ` թռիչքներ կատարելով Արքուպի, Հասպայայի, Ռաշայա Ուատիի եւ Արեւմտեան Պեքաայի վերեւ:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Ժամիլ Սէյիտ հաստատեց, որ հանրապետութեան նախագահը անպայման իր նախարարները կ՛ունենայ որեւէ կառավարութեան մէջ:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Նետիմ Ժեմայէլ յայտնեց, որ քաղաքացիութիւն շնորհելու յատուկ շրջաբերականը տարբեր համայնքներուն միջեւ հաւասարակշռութիւնը կը խախտէ:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աուն երէկ ընդունեց երեսփոխան Պահիա Հարիրին, որուն հետ քննարկեց երկրին մէջ տիրող իրադարձութիւնները:

ԻԹԹԻՀԱՏ կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ապտել Ռահիմ Մըրատ այցելեց նախկին վարչապետ Սելիմ Հըսի, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները: Մըրատ դրուատեց հարաւային Լիբանանի ազատագրութեան առիթով Հըսի քաջ եւ պատասխանատու կեցուածքը:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Մոհամետ Հաժժար յոյս յայտնեց, որ կառավարութիւնը կազմելու իմաստով պայմանական պահանջներ չըլլան:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Անուար Խալիլ հաստատեց, որ իրաւացի է Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթի այն պահանջը, որուն համաձայն, իր կուսակցութիւնը միակն է տիւրզի համայնքի ներկայացուցչութիւնը ունեցող:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ պլոքի երեսփոխան Հատի Հպէյշ հաստատեց, որ վարչապետ Սաատ Հարիրի կը փափաքի կազմել ազգային միասնականութեան կառավարութիւն մը, որ երկրին լարուածութիւնը կը մեղմացնէ:

ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Մըսպահ Ահտապ շեշտեց, որ այլեւս կարիք կայ Միջազգային յատուկ ատեանի մը, որ դատավարութեան պիտի ենթարկէ լիբանանցի ժողովուրդը աղքատացնող պատասխանատուները:

ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Սալահ Հընէյն շեշտեց, որ երկրին քաղաքական դասակարգը քանդած է վարչակարգը, ինչպէս նաեւ սահմանադրութեան եւ կառավարութեան կազմութեան տրամաբանութիւնը:

 

Նախորդը

Կիրօ Մանոյեան. «Ջաւախքը Պէտք Է Դառնայ Հայ-Վրացական Յարաբերութիւններու Ամէնէն Ուժեղ Օղակը»

Յաջորդը

Հաւատարմութիւն Դիմադրութեան Պլոքը Հաստատեց Փտածութեան Դէմ Պայքարի Առաջնահերթութիւնը

RelatedPosts

Հեռաձայնելով Սալամին`  «Լիբանանի Կայունութեան Ու Հողային  Ամբողջականութեան Կը Զօրակցինք»  Կ՛ըսէ Քաթարի Վարչապետը
Գլխաւոր լուրեր

Հեռաձայնելով Սալամին` «Լիբանանի Կայունութեան Ու Հողային Ամբողջականութեան Կը Զօրակցինք» Կ՛ըսէ Քաթարի Վարչապետը

November 4, 2026
Սուրիա Հոմսի Քարիւղի Զտարանը Թիրախաւորող  «Հըզպալլայի Ահաբեկչական Ծրագիր»-ի  Ձախողութեան Մատնուիլը Յայտարարեց
Լիբանանեան

Սուրիա Հոմսի Քարիւղի Զտարանը Թիրախաւորող «Հըզպալլայի Ահաբեկչական Ծրագիր»-ի Ձախողութեան Մատնուիլը Յայտարարեց

November 4, 2026
Պայրագտարեան Ընդունեց  Պատուելի Թերզեանը
Լիբանանեան

Պայրագտարեան Ընդունեց Պատուելի Թերզեանը

November 4, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.