Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պաալպեքի Մէջ Ապահովական Կայունութիւնը Վերահաստատելու Ճիգեր

May 30, 2018
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պաալպեքի մէջ շաբաթներէ ի վեր տիրող անապահով կացութիւնը` ընտանիքներու միջեւ զինեալ բախումները եւ ապահովական այլ խախտումները հակակշիռի տակ առնելու իմաստով, լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աուն անցեալ շաբաթ արձակեց հրահանգ մը:

Այս շրջագիծին մէջ Պաալպեքի քաղաքապետ Հիւսէյն Լաքիս յայտնեց, որ շրջանին մէջ տիրող ապահովական ապակայունութիւնը ընտանիքներուն միջեւ վրէժխնդրութեան ու տարօրինակ սովորութիւններու եւ աւանդութիւններու պատճառով չէ, այլ` Պաալպեքի մէջ ապահովական որեւէ դէպքի կամ ոճիրի պարագային ապահովութեան ուժերուն բացակայութեան եւ ապահովական որեւէ խախտում տեղւոյն վրայ չլուծելու պատճառով:

Լաքիս հաստատեց, որ բանակն ու ապահովութեան ուժերը պէտք է շարունակեն խուզարկումները, հետաքննութիւններն ու ձերբակալութիւնները:

Պաալպեքի նահանգապետ Պաշիր Խտըր իր կարգին յայտնեց, որ Պաալպեք-Հերմելի մէջ կը տիրէ անապահովութիւն` նկատի ունենալով շրջանին մէջ արձանագրուած զինեալ բախումները, որոնք հասան իրարու դէմ հրթիռներով եւ նռնականետերով պատերազմելու աստիճանի:

Խտըր նշեց, որ նախորդ տարիներուն Պաալպեք-Հերմել շարք մը հարցեր դիմագրաւած է, որոնցմէ են հիմնականին մէջ Սուրիոյ պատերազմի հետեւանքներն ու Պաալպեքի բարձունքներուն վրայ ահաբեկիչներուն տեղակայումը:

Ան նշեց, որ բանակը առաջնահերթութիւն նկատեց Պաալպեքի բարձունքներուն ազատագրումը եւ այդ շրջանը ահաբեկիչներէն ու ահաբեկչութենէն զերծ պահելու կարեւորութիւնը: «Այդ գործողութիւններուն յաջորդեցին երեսփոխանական ընտրութիւնները, եւ բանակը ըստ այնմ ապահովեց ընտրութիւններուն եւ քուէարկողներուն ապահովութիւնը: Սակայն հիմա, որ աւարտած են ընտրութիւնները, բանակն ու ապահովութեան ուժերը պիտի վերսկսին գործադրել Պաշտպանութեան գերագոյն խորհուրդի որոշումը», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ խուզարկումներն ու ձերբակալութիւնները պիտի շարունակուին շրջանին ապահովական կայունութիւնը պահպանելու նպատակով:

Խտըր նշեց, որ բանակը կատարեալ զգուշութեամբ պէտք է վարուի քաղաքայիններուն հետ, երբ ան իր խուզարկումներն ու ձերբակալութիւնները կը կատարէ: Ան հաստատեց, որ շրջանի քաղաքական ուժերը ոչ մէկ յանցագործ պիտի առնեն իրենց հովանիին տակ:

 

Նախորդը

Փարիզի Մէջ Մաքրոն Ընդունեց Ռայի Պատրիարքը

Յաջորդը

«Պըրրիի Աջ Բազուկը Պիտի Ըլլանք` Փտածութեան Դէմ Անոր Մղելիք Պայքարին Առումով» Շեշտեց Ղոսըն

RelatedPosts

Նախարարաց Խորհուրդը Որոշեց  Տահր Պայտարի Պայթուցիկ Նիւթերու  Թղթածրարին Շուրջ Հետաքննութիւնը  Ամբողջացնել
Գլխաւոր լուրեր

Նախարարաց Խորհուրդը Որոշեց Տահր Պայտարի Պայթուցիկ Նիւթերու Թղթածրարին Շուրջ Հետաքննութիւնը Ամբողջացնել

October 23, 2026
Ֆրանսա Եւ Քաթար Կը Յայտարարեն.  «ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան Աւարտը  Պէտք Չէ Ապահովական Բացի Յանգեցնէ»
Լիբանանեան

Ֆրանսա Եւ Քաթար Կը Յայտարարեն. «ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան Աւարտը Պէտք Չէ Ապահովական Բացի Յանգեցնէ»

October 23, 2026
Պըրրի. «Ընտրական Օրէնքի Փոփոխութեան Որեւէ Նիստ Պիտի Չհրաւիրեմ»
Լիբանանեան

Պըրրի. «Լիբանան Ներկայիս Չի Տոկար Որեւօ Թղթածրարի Արծարծման, Որ Ներքին Լարուածութիւններ Կը Ստեղծէ»

October 23, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.