Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մեսրոպեանը Յանձնեց 2017-2018 Տարեշրջանի 64 Աւարտականներու Հունձքը

May 30, 2018
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ուրբաթ, 11 մայիս 2018-ին Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն եւ արուեստից վարժարանները յանձնեցին 2017-2018 տարեշրջանի աւարտականներու հունձքը` հանդիսութեամբ մը, որուն ներկայ եղան Հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ հոգեւորականներ, միութիւններու ներկայացուցիչներ, ծնողներ եւ մեծաթիւ բարեկամներ: Մեսրոպեանի շրջափակին մէջ, Սուրբ Մեսրոպի յուշակոթողին առջեւ կայացած հանդէսին նախագահեց Գաբրիէլ թ.ծ. վրդ. Մուրատեանը` հայ կաթողիկէ պատրիարքութեան վարժարաններու Վարչական խորհուրդի նախագահի տեղակալը:

Լիբանանի, Հայաստանի եւ Մեսրոպեանի քայլերգներէն ետք խօսք առաւ զոյգ վարժարաններու տնօրէն Կրեկուար Գալուստ: Տնօրէնը դիտել տուաւ, որ` «Լիբանանահայ կրթական համակարգի նահապետներէն մէկը հանդիսացող Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանը յառաջիկայ տարի պիտի թեւակոխէ իր հիմնադրութեան 80-ամեակը»: Ան աւելցուց. «80-ամեայ յոբելեանին մենք կ՛երթանք ո՛չ միայն արդարօրէն վաստակուած հպարտութեամբ եւ տօնական տրամադրութիւններով, այլեւ` այս վարժարանը զարգացման նոր հունի մը մէջ զետեղելու կամքով եւ վճռակամութեամբ»: Տնօրէնը տեղեկացուց, որ յառաջիկայ տարի գործադրութեան պիտի դրուի համապարփակ ծրագիր մը, որուն նպատակն է բարձրացնել դպրոցին աշխատանքին արդիւնաւէտութիւնը. այդ ծրագիրով զարկ պիտի տրուի օտար լեզուներու, եւ արհեստագիտութեան ուսուցմամբ պիտի բարելաւուին  մայրենիին` հայերէնի ուսուցման եղանակները, պիտի  աշխուժանայ արհեստագիտական միջոցներու օգտագործումը` կրթութեան մէջ, պիտի իրականացուի նոր մօտեցում` աշակերտներու նկարագրային զարգացման եւ դաստիարակութեան մէջ, հիմնովին պիտի բարեփոխուի քննութիւններու եւ գնահատականներու դրութիւնը: «Այս բոլորը պիտի կատարենք, որպէսզի Մեսրոպեանը հաստատուն քայլերով ընթանայ նոր ժամանակներու կրթական չափանիշներուն եւ պահանջներուն համաձայն, որպէսզի մեր սերունդները լաւապէս պատրաստուին իրենց իսկ ապագային համար` քրիստոնէական ամուր հոգիով, ազգային կենսունակ գիտակցութեամբ, քաղաքացիական եւ մարդկային առողջ նկարագիրով եւ մրցունակ կրթութեամբ», ըսաւ Գալուստ: Ան եզրափակեց` ըսելով. «Մեսրոպեանի ճակատը ծածկուած է  80 տարիներէ ի վեր շահուած բազում դափնեպսակներով. յաջողութեան դափնիները, սակայն, չեն ծանրացներ մեր ճակատն ու գլուխը, այլ հակառակը` կը վերածուին նոր թեւերու, որոնցմով Մեսրոպեանը կը շարունակէ փառապանծ թռիչքը` կրթութեան երկնակամարին վրայ, նուաճելու համար նոր բարձունքներ` իր թեւերուն վրայ դէպի լոյս տանելով սիրասուն զաւակները մեր ազգին»:

Շրջանաւարտներուն անունով խօսքեր արտասանեցին` Էլի Թորանեանը, Քրիսթել Քոշոյեանը եւ Ռաքէլ Թեպերճեանը, որոնք արտայայտեցին իրենց երախտագիտական զգացումները` իրենց վարժարանի տնօրէնութեան, ուսուցչական կազմին եւ ծնողներուն հանդէպ, վստահեցնելով, որ ուսման թէ այլ ասպարէզներու մէջ պիտի ըլլան կրողները այն արժէքներուն, որոնցմով կազմաւորուեցան Մեսրոպեանի մէջ:

Մեսրոպեանի ուսուցչական կազմին անունով խօսք առաւ Անթուան Ապու Նոհրա, որ շեշտեց բարձրագոյն կրթութեան կարեւորութիւնը արդի աշխարհին մէջ` կոչ ուղղելով շրջանաւարտներուն, որ չընկրկին դժուարութիւններու առջեւ, այլ ընդհակառակը, ամրապնդելով կամքերը` ձգտին իրենց երազներու լիակատար իրականացման: Ապու Նոհրա դիտել տուաւ, որ միայն կրթեալ ու լուսաւորեալ սերունդներու շնորհիւ է, որ ազգն ու հայրենիքը կրնան նուաճել զարգացման նոր մակարդակներ:

Հանդիսութեան պատգամախօսն էր հանրայայտ գործարար, հանրային գործիչ, Լիբանանի մէջ Սալվատորի հիւպատոս Սարգիս Սերայտարեանը, որ անդրադարձաւ սփիւռքի մէջ հայ կրթական համակարգի տագնապներուն` շեշտելով, որ հայ դպրոցի ապագային համար հարկաւոր է մէկտեղել ջանքերը եւ միասնական ճիգերով յառաջացնել բարեփոխման համապարփակ ծրագիր մը: Սերայտարեան կարեւորութեամբ դիտել տուաւ, որ սփիւռքի մէջ կրթական եւ ազգային զարթօնքը կը յենի հայրենակեդրոնութեան գաղափարին վրայ, ուր Հայաստանը, Արցախը եւ սփիւռքը կը դիտարկուին իբրեւ մէկ ամբողջութիւն` ի խնդիր միացեալ եւ զօրեղ հայրենիքի մը:

Հանդէսի գեղարուեստական մասով անհատական եւ խմբային ելոյթներ ունեցան շրջանաւարտները` նուագի, երգի, պարի եւ ասմունքի միջոցով արտայայտելով իրենց ուրախութեամբ ու տխրութեամբ խառն ապրումները` դպրոցական կեանքի աւարտին առիթով:

Շրջանաւարտներուն կողմէ յաջորդ հունձքի ներկայացուցիչներուն «Մեսրոպեան վահան»-ի փոխանցումէն ետք խօսք առաւ Զմմառու վանքի փոխմեծաւոր Անտոն վրդ. Նորատունկեանը, որ այս առիթով շնորհաւորեց շրջանաւարտները, անոնց ծնողները եւ Մեսրոպեանի ամբողջ ընտանիքը` մաղթելով, որ նոր սերունդներուն առջեւ ճամբան միշտ կանաչ ըլլայ, որպէսզի անոնք հասնին իրենց նպատակներուն:

Հուսկ, վկայականներ շնորհուեցան Մեսրոպեան բարձրագոյն եւ արհեստից վարժարաններու 64 աւարտականներուն, որոնք տօնական հրավառութենէն ետք ընդունեցին շնորհաւորանքներ:

Նախորդը

Այնճար. Ֆութպոլի Դաշտի Բացման Արարողութիւն

Յաջորդը

Ստացուած Գիրքեր. Լուսարձակի Տակ (Հեղինակ` Երուանդ Քասունի)

RelatedPosts

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է
Գաղութային

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է

September 11, 2026
ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

November 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

October 25, 2024
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.