Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախագահ Աուն, Պըրրի Եւ Սէյիտ Նասրալլա Կը Շնորհաւորեն Լիբանանցիները` Հարաւի Ազատագրման Եւ Դիմադրութեան Տօնին Առիթով

May 28, 2018
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

25 մայիսին զուգադիպող Հարաւի ազատագրումին եւ Դիմադրութեան տօնին առիթով հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն շնորհաւորեց լիբանանցիները:

Նախագահ Աուն թուիթըրեան գրառումով մը ողջունեց բոլոր անոնք, որոնք համբերեցին, գոյատեւեցին, պաշտպանեցին, դիմադրեցին եւ իրենց արեամբ շաղախեցին հողը` մինչեւ անոր ազատագրումը:

Իր կարգին, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի այս առիթով շնորհաւորեց լիբանանցի ժողովուրդը, բանակն ու Դիմադրութիւնը` շեշտելով, որ հայրենի հողին ազատագրումին համար ինկած իւրաքանչիւր նահատակ լիբանանեան դրօշի մայրին կը ներկայացնէ: «Մեր միասնականութեան զէնքը պիտի ըլլայ բռնագրաւուած մնացեալ հողերն ու ջուրերը ազատագրելու երաշխիքը», աւելցուց ան:

Միւս կողմէ, Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա Հարաւի ազատագրումին առիթով շնորհաւորեց Դիմադրութեան մարտիկները եւ անոնց զոհողութիւնները` հայրենի հողը ազատագրելու նպատակով:

Ան նշեց, որ Դիմադրութեան մարտիկներուն կողքին պէտք չէ մոռնալ լիբանանեան բանակը, ապահովութեան ուժերը, պաղեստինեան խմբաւորումներն ու սուրիական բանակը:

Սէյիտ Նասրալլա հաստատեց, որ 25 մայիսին էր, որ հարաւային Լիբանանի բնակիչները փաստեցին, թէ իրենց վայել է ազատութիւնն ու հողերը ազատագրելու յաղթանակը, ինչպէս նաեւ քաղաքակիրթ կերպով իրենց տունդարձն ու վրէժխնդրութիւնը մէկդի դնելով կեանքը շարունակելու առաքինութիւնը:

Սէյիտ Նասրալլա անդրադարձաւ նաեւ Դիմադրութեան անդամներուն դէմ որդեգրուած ամերիկեան պատժամիջոցներուն` ընդգծելով, որ ասիկա ամերիկեան-իսրայէլեան ուղեգիծ մըն է, որուն կը մասնակցին Ծոցի կարգ մը  երկիրներ: Ան աւելցուց, որ այդ անհատները լիբանանցիներ են, եւ լիբանանեան պետութիւնն ու կառավարութիւնը պատասխանատու են անոնց: «Այս ուղեգիծին հիմնական նպատակն է Դիմադրութեան զօրակցող միջավայրին վրայ ճնշում բանեցնել», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ Դիմադրութիւնը ազգային գաղափարաբանութիւն ունի եւ դատի մը համար կը պայքարի, ու պատրաստ է ամէնէն դժուար պայմաններուն տակ գոյատեւելու` ի խնդիր իր դատին լուծման:

Սէյիտ Նասրալլա հաստատեց, որ քաղաքական եւ դրամական շրջափակումն ու սպառնալիքները ոչ մէկ ձեւով կրնան ազդել Դիմադրութեան զօրութեան վրայ եւ ոչ մէկ ձեւով կրնան խոցել Դիմադրութեան նկատմամբ ժողովուրդին վստահութիւնը:

Սէյիտ Նասրալլա ընդգծեց, որ լիբանանցիներուն շահերուն համար պէտք է կառավարութիւնը ամէնէն արագ ժամանակամիջոցին կազմուի` հերքելով բոլոր այն ապատեղեկատուութիւնները, թէ Հըզպալլա պիտի բարդացնէ կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը:

Ան շեշտեց, որ Հըզպալլա պիտի շեշտէ ծրագրաւորումի նախարարութիւն մը ստեղծելու կարեւորութիւնը` աւելցնելով, որ յառաջիկայ օրերուն Հըզպալլա իր դաշնակիցներուն հետ պիտի սկսի լուրջ խորհրդակցութիւններու` փտածութեան դէմ մղուելիք պայքարին գծով: Ան նշեց, որ ինք անձամբ պիտի հետեւի այդ պայքարին, որուն համար կազմուած է մարմին մը` գլխաւորութեամբ երեսփոխան Հասան Ֆատլալլայի:

Ան նշեց, որ այս տարի «Երուսաղէմի օր»-ը պէտք է իւրայատուկ ըլլայ եւ բոլորին ուշադրութիւնը գրաւէ` նկատի ունենալով Երուսաղէմի կրած տառապանքը` զայն Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի կողմէ Իսրայէլի մայրաքաղաքը յայտարարելէ ետք:

 

Նախորդը

Խմբագրական. Պետականութիւնը Շարունակականութիւն Է (Հայաստանի Հանրապետութեան 100-ամեակին Առիթով)

Յաջորդը

Պասիլ Նամակներ Կը Յղէ Մոալլեմին Եւ Կութիերեսին

RelatedPosts

Ռաժժի Եւ Մաքենթի ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան  Աւարտէն Ետք Հարաւային Լիբանանի Մէջ  Միջազգային Ներկայութեան  Անհրաժեշտութիւնը Շեշտեցին
Լիբանանեան

Ռաժժի Եւ Մաքենթի ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան Աւարտէն Ետք Հարաւային Լիբանանի Մէջ Միջազգային Ներկայութեան Անհրաժեշտութիւնը Շեշտեցին

October 28, 2026
Ելեկտրականութեան Մատակարարման  Ժամերը Կրճատելէ Զգուշացնելէն Ետք.  Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական  Պլոքը Կոչ Ուղղեց Տահր Պայտարի Պայթուցիկներու  Գործը Արդարադատութեան Խորհուրդ Փոխանցելու
Լիբանանեան

Ելեկտրականութեան Մատակարարման Ժամերը Կրճատելէ Զգուշացնելէն Ետք. Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական Պլոքը Կոչ Ուղղեց Տահր Պայտարի Պայթուցիկներու Գործը Արդարադատութեան Խորհուրդ Փոխանցելու

October 28, 2026
Պասիլ. «Յոյսով Եմ, Որ Հըզպալլան  Երրորդ Անգամ Ըլլալով Պատերազմի  Չի Մասնակցիր, Եւ Անոր Դարձեալ  Կոչ Կ՛ուղղենք` Պատերազմին Չմասնակցելու»
Լիբանանեան

Պասիլ. «Յոյսով Եմ, Որ Հըզպալլան Երրորդ Անգամ Ըլլալով Պատերազմի Չի Մասնակցիր, Եւ Անոր Դարձեալ Կոչ Կ՛ուղղենք` Պատերազմին Չմասնակցելու»

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.