Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւն` Հայաստանի Եւ Ռուսիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարներուն Միջեւ

May 24, 2018
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երէկ, հայկական կողմի նախաձեռնութեամբ, Հայաստանի արտաքին գործոց  նախարար Զոհրապ Մնացականեան  հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցաւ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի հետ:

Նախարարները շնորհաւորեցին զիրար այդ պաշտօններուն վրայ նշանակուելու եւ վերանշանակուելու առիթով` վերահաստատելով Հայաստանի եւ Ռուսիոյ միջեւ  դաշնակցային յարաբերութիւններու յաւելեալ ընդարձակման եւ խորացման շարունակականութեան ուղղութեամբ շահագրգռուածութիւնը:

Կողմերը կարեւոր նկատեցին 14 մայիսին Սոչիի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի միջեւ տեղի ունեցած  բովանդակային երկխօսութիւնը:

Նախարարները քննարկեցին երկկողմ եւ բազմակողմ մակարդակներով փոխադարձ գործակցութեան առնչուող հարցեր, շրջանային եւ միջազգային խնդիրներ:

Հայ-ռուսական յարաբերութիւնները յառաջ մղելու եւ  հրատապ հարցերու աւելի հանգամանալից քննարկման նպատակով Զոհրապ Մնացականեան ընդունեց մօտիկ ապագային Մոսկուա այցելելու Ս. Լաւրովի հրաւէրը:

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարը բարձր գնահատեց Ռուսիոյ, ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահ միւս երկիրներու` Ֆրանսայի եւ Միացեալ Նահանգներու հետ գործադրուող ջանքերը Արցախի տագնապի խաղաղ լուծման ուղղութեամբ: Այս ծիրին մէջ Զոհրապ Մնացականեան վերահաստատեց Հայաստանի յանձնառութիւնը արցախեան հիմնախնդիրի բացառապէս խաղաղ լուծման` ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահութեան ծիրին մէջ: Ան ընդգծեց, որ հոլովոյթին յաջողութեան համար կարեւոր է խաղաղութեան միտուած մթնոլորտի գոյութիւնը:

 

Նախորդը

Քննարկուեցան Պարէնի Եւ Գիւղատնտեսութեան Կազմակերպութեան Հետ Համագործակցութեան Հարցերը

Յաջորդը

Արմէն Ռուստամեան. «Պէտք Է Յստակ Դառնայ, Թէ Խմբակցութիւններէն Ո՛վ Ընդդիմադիր Է, Ո՛վ Կառավարող»

RelatedPosts

Միացեալ Նահանգներու Մէջ`  Միջանկեալ Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Միացեալ Նահանգներու Մէջ` Միջանկեալ Ընտրութիւններ

November 4, 2026
Թրամփ. «Իրանի Հետ Համաձայնութիւն  Գոյացնելու Շատ Մեծ Հաւանականութիւն Կայ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Իրանի Հետ Համաձայնութիւն Գոյացնելու Շատ Մեծ Հաւանականութիւն Կայ»

November 4, 2026
Իրանեան Զինեալ Ուժերու  Սպայակոյտի Պետը Յայտարարեց.  «Տեւական Անվտանգութեան Հաստատման Իրանի  Ծրագիրը Լիբանանի Եւ Կազայի Մէջ  Պատերազմի Աւարտը Կը Ներառէ»
Գլխաւոր լուրեր

Իրանեան Զինեալ Ուժերու Սպայակոյտի Պետը Յայտարարեց. «Տեւական Անվտանգութեան Հաստատման Իրանի Ծրագիրը Լիբանանի Եւ Կազայի Մէջ Պատերազմի Աւարտը Կը Ներառէ»

November 4, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.