Կազմակերպութեամբ «Ա. Թէ. Սէ. Էլ.»-ին, 26-27 մայիսին տեղի պիտի ունենայ Ժեզզինի 7-րդ ռելին` հովանաւորութեամբ Ժեզզինի քաղաքապետութեան:
Այս ռելին կ՛իյնայ Լիբանանի 2018-ի ռելիներու ախոյեանութեան երկրորդ հանգրուանին ծիրին մէջ` գարնանային առաջին ռելիէն ետք: Անոր ընդհանուր երկարութիւնը պիտի ըլլայ 312,88 քմ:
Կազմակերպիչները յայտնեցին, որ անոր մասնակցիլ փափաքողներուն համար վերջին պայմանաժամ ճշդուած է չորեքշաբթի, 23 մայիս, կէսօրուան ժամը 12:00-ը:



