Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Դիմաւորել 100-ամեակը – 18. Սփիւռքները, Անկախութիւնը, Երէկ, Այսօր Եւ Վաղը

May 21, 2018
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Յ. ՊԱԼԵԱՆ

Անկախութիւնը ներհայաստանեան հարց չէ միայն, ան համահայկական խնդիր է:

Սփիւռք(ներ)ը անկախութեան պէտք է կառչի երկու պատճառներով: Նախ` ընթացիկ հայապահպանման համար, քանի որ անկախ հայրենիքը զգացական-քաղաքական հպարտութիւն կը ներշնչէ, հոգեկան ուժ, երկրորդ` նաեւ վառ պահելու համար միացում-վերադարձի նոյնիսկ երազային յոյսը, թերեւս ալ` յանձնառութիւնը, առանց որուն` սփիւռք(ներ)ը պիտի չտեւէ:

7 դեկտեմբեր 1919-ին, Հայաստանի անդրանիկ հանրապետութեան վարչապետ Յովհաննէս Քաջազնունի, տպաւորիչ պատուիրակութեամբ մը, գտնուած է Միացեալ Նահանգներ եւ Նիւ Եորք տեղի ունեցած հանրաժողովին խօսած է ճառ մը: Այդ ճառը ամբողջութեամբ տեղ գտած է Սիմոն Վրացեանի «Կեանքի ուղիներով» երկի Ե. հատորին մէջ, էջ 310-315 (տպ. Համազգային, 1966): Ճառի էջերուն հետ կայ նաեւ պատուիրակութեան խմբանկարը, որ ինչե՜ր կը պատմէ, Անդրանիկ եւ Արմէն Գարօ…եւ ուրիշներ…

Յովհաննէս Քաջազնունիի ճառը այսօր ալ կարելի է կրկնել` ուղղուած սփիւռք(ներ)ին. «Երազե՞լ էիք երբ եւ իցէ, որ ձեզ, ձեր կեանքի ընթացքում, վիճակուել էր լսել այդ անունները` հայկական պարլամենտ, կառավարութիւն, զօրք, ոչ իբրեւ բաղձանք կամ հեռաւոր յոյս, այլ` իբրեւ կատարուած փաստ, գոյութիւն ունեցող իրականութիւն: Զգո՞ւմ էք արդեօք այս իրողութեան ամբողջ վեհութիւնը»:

Այս խօսքերը քաղաքական գիտակցութեան բարձրանալու կոչ են` ո՛չ բարեսիրութեան, ո՛չ զբօսաշրջութեան: Քաղաքացիական գիտակցութեան կոչ` նկատի ունենալով, որ հայը ո՛ւր որ ալ գտնուի, ի՛նչ ալ ըլլան օրէնքները, իր երկրին տէր քաղաքացի է: Երէկ եւ այսօր այս տրամաբանութիւնը պէտք է որ հասնի իր եզրայանգումին, ինչ ալ ըլլան խոչընդոտները` հոգեբանական, տնտեսական, ակնկալութիւններու: Յովհաննէս Քաջազնունի գիտէ, որ մարդկային տկարութիւններ կան, կան նաեւ այսօր: Կը խօսի այնպէս, որ կարծէք հիմա կը գտնուի գերաճող սփիւռք(ներ)ի այս կամ այն քաղաքը:

Յովհաննէս Քաջազնունի, կամ ժամանակակից մը երբ խօսի, պէտք ունի նաեւ լսողի: Կ’ըսէ. «Պատմութեան մեծ դէպքերը ունին մի առանձնայատկութիւն. նրանք չեն հասկացւում, չեն գնահատւում ըստ արժանիքի ժամանակակիցների կողմից: Պատմութիւնը մեծ է, լայն ու խոր, իսկ մարդկային միտքը` թոյլ ու սահմանափակ: Ժամանակ պէտք է անցնի, որ յանկարծակիի բերուած միտքերը կարողանան մարսել եւ իւրացնել անցած եղելութիւնը: Անմիջական մանրամասնութիւնները` յաճախ տգեղ ու վրդովեցուցիչ եւ միշտ չնչին` ամբողջութիւնը որակելու համար` առօրեայ մանր-մունր փոխյարաբերութիւնները, անհատական, խմբային կամ կուսակցական համակրութիւնները կուրացնում եմ ժամանակակիցների կարճատես աչքերը, սխալ գաղափար են տալիս կատարուած իրողութեան մեծութեան մասին» (էջ 311):

Այդ օրերուն ալ, ինչպէս այսօր, տգեղ ու վրդովեցուցիչ իրողութիւններ կան, բայց յանձնառու քաղաքացին, հայը ընդհանրապէս, փոխանակ պատասխանատուութենէ խուսափելու համար զանոնք պատճառ-պատրուակ համարելու` տիրութիւն կ’ընէ:  Հայրենիք լքելու եւ հայրենիք չվերադառնալու համար այնքա՜ն համոզիչ պատճառներ կարելի է ներկայացնել, ինչպէս` «ապրուելիք տեղ չէ», «ի՞նչ պիտի տայ ինծի Հայաստանը», «կաշառակերութիւն կայ», «աշխատանք չկայ»… Բայց ո՞ւր գրուած է, որ հայրենիք կը ստեղծուի եւ կը պահուի առանց տքնելու: Հայաստան Խաղաղականի արեւադարձային այս կամ այն կղզին չէ, ինչպէս կ’ըսեն` պանանային հանրապետութիւն չէ, որ այդպէս, առանց պայքարելու անկախանայ: Այդ երկիրներուն տիրած գաղութարարները գացին, անոնք թշնամի դրացիներ չունին, իրենց ետին չունին աւերածութեան հետք ձգած ներխուժողներու պատմութիւն:

Յովհաննէս Քաջազնունի կը խօսի պատմական մեծ իրադարձութիւններու մասին, որոնք անմիջապէս չեն հասկցուիր ժամանակակիցներու կողմէ: Իսկ մեր պատմութեան հանգուցային պահերու ժամանակակիցները մենք ենք: Ինչպէ՞ս ակնկալութիւններ ունենալ` բացակայ ըլլալով: Երէկ եւ այսօր, Հայաստանի վերականգնումին համար, ոչ միայն այսօրուան հանրապետութեան, համազգային վերաբերում պէտք է: Այդ վերականգնումը ամբողջացումն է հայրենիքի:

Ո՞վ կրնար երեւակայել, որ հայկական Արցախը պիտի ազատագրուէր:

Այդպէս կրնայ ըլլալ միացեալ Հայաստանի իրականացումը… եթէ պատմութեան բանալի պահուն մենք ներկայ ըլլանք, ոչ միայն սրտով, երգով, ծափով, այլ` մեր համրանքով, բազուկով, աշխատանքով, գիտութեամբ, որպէսզի Հայաստան-Արցախի իւրաքանչիւր թիզ հողը ծաղկի, բնակուի, զարգանայ, ըլլայ Երեւանի պատկերով: Ինչպէ՞ս. մարդոցմով, քրտինքով, ներդրումով, գիտութեամբ:

Եթէ միայն համոզուինք, ինչպէս կ’ըսէ Յովհաննէս Քաջազնունի, «Համակրութիւնները կուրացնում են ժամանակակիցների կարճատես աչքերը, սխալ գաղափար են տալիս կատարուած իրողութեան մեծութեան մասին»… Անհատներու ճիշդէն եւ սխալէն անդին, պէտք է գիտակցիլ նշուած կատարուած իրողութեան մեծութեան:  Եթէ դար մը առաջ այդ գիտակցութիւնը ցուցաբերած ըլլայինք` հրաժարելով անհատական եսերէ եւ հարուստ երկիրներու յատուկ տեսաբանական մարզանքներէ,  թերեւս այլ կ’ըլլար պատմութեան ընթացքը:

Յովհաննէս Քաջազնունիի խօսքին մէջ կայ խիստ կարեւոր պատգամ մը նաեւ: Կ’ըսէ. «Այսօր Հայաստանի Հանրապետութիւնն է, ուր մենք պէտք է որոնենք մեր փրկութիւնը, մեր դարաւոր տենչերի իրագործումը: Այստեղ է, որ հայ ցեղը պէտք է կեդրոնացնէ այսօր իր ամբողջ ուշադրութիւնը, իր միտքն ու հոգին, իր ստեղծագործական բոլոր կորովը, որովհետեւ այստեղից է, որ նա պէտք է լայնացնէ սահմանները, վերաշինէ ամբողջ Հայաստանը» (ընդգծ. ՅՊ):

Այլ պատգամ կրնա՞ն ունենալ Հայաստանի եւ սփիւռք(ներ)ի իրաւ ղեկավարութիւնները:

Սահմաններու լայնացումը մանանայի պէս երկինքէն պիտի չգայ, հեքիաթներու թզուկները պիտի չվերաշինեն ամբողջ Հայաստանը… Պարզ է` խօսքը չի վերաբերիր միայն հանրապետութեան: Երազները կարեւոր են, մեզ դուրս կը բերեն անհատական եւ հաւաքական հոգեկան ընկճուածութենէ, բայց անբաւաւար են հանրապետութիւնը եւ ամբողջ Հայաստանը վերաշինելու:

Պէտք է յաճախել մեծերու դպրոցը, մանաւանդ անոնց, որոնք մեր պատմութեան աստեղային պահերուն գտնուած են ազգի ճակատագիր տնօրինողի դիրքերուն վրայ:

Եթէ Յովհաննէս Քաջազնունիի 1919-ին Նիւ Եորքի մէջ արտասանած ճառը այսօր կրկնէր ժամանակակից մը, ոչ ոք պիտի խորհէր, որ այդ խօսքերը դար մը առաջ ըսուածի արձագանգ են:

1919-ին կամ այսօր, ազգովին պէտք է գիտակցիլ, որ Հայաստանները միացնելու եւ վերաշինելու աշխատանքը ոչ ոք պիտի կատարէ մեր փոխարէն: Իսկ այս մերը չի լքուիր եւ չի կիսուիր:

Սփիւռք(ներ)ի համար անկախութիւնը գիտակցութեան ոսկի առիթ է, մասնակցութեան եւ յանձնառութեան առիթ, փաստելու համար, որ ինք ազգին մէջ է, ազգի իրաւ հատուած է: Ոսկի առիթ` նաեւ հայրենի հողի վրայ ինքնիրականացման, գիտնալով, որ հողի վրայ միայն շարունակութիւն կարելի է ըլլալ:

Առանց ազգին մէջ սեփական ճակատագրի տիրութեան կը մնան սկիզբ եւ վերջ չունեցող շատախօսութիւնները, բարեսիրական խիղճի հանդարտեցումները, որոնք գոյն կու տան զբօսաշրջային արշաւներուն:

Դար մը առաջի մասին երբ կը խօսինք, ի մտի պէտք է ունենանք, որ դար մը վերջը այսօր սկսած է վերաշինութեամբ` սահմաններու լայնացման հեռանկարով:

Դար մը վերջ մեր յետնորդները եւ պատմութիւնը ինչպէ՞ս պիտի դատեն մեր սերունդը:

Պատասխանը այսօր պէտք է խմբագրել. հայրենիք լքող եւ ծագումով հայու ինքնագոհ սփիւռք:

20 յունուար 2018, Նուազի-լը-Կրան

 

Նախորդը

Մէկ Նիկոլով Գարուն Չի Գար

Յաջորդը

Հայաստանի Հանրապետութեան 100-ամեակի Լիբանանի Կեդրոնական Մարմինի Նախաձեռնութիւնները Սկիզբ Առին Աշակերտական Մարաթոնով

RelatedPosts

«Դրօշակ»-ի Առաջնորդող.  Քաղաքական Դաշինքներ Եւ Միասնութիւն Ընդհանուր Նպատակի Շուրջ
Անդրադարձ

«Դրօշակ»-ի Առաջնորդող. Քաղաքական Դաշինքներ Եւ Միասնութիւն Ընդհանուր Նպատակի Շուրջ

February 3, 2026
Լոյս Տեսաւ ՀՅԴ Պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»-ի 2026-ի Առաջին Թիւը
Անդրադարձ

Լոյս Տեսաւ ՀՅԴ Պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»-ի 2026-ի Առաջին Թիւը

February 3, 2026
Փարիզի Հայկական Սփիւռքի Ժառանգութիւնը Կը Վերածուի Թուային Քարտէսի Մը
Անդրադարձ

Փարիզի Հայկական Սփիւռքի Ժառանգութիւնը Կը Վերածուի Թուային Քարտէսի Մը

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.