Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հարիրի Յառաջիկայ Շաբթուան Ընթացքին Պիտի Մեկնի Ռիատ

May 19, 2018
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Վարչապետ Սաատ Հարիրի յառաջիկայ շաբթուան ընթացքին պիտի մեկնի Ռիատ, ուր հանդիպումներ պիտի ունենայ սէուտցի ղեկավարներու հետ:

Հարիրիի Ռիատ կատարելիք այցելութիւնը արտակարգ կը նկատուի, յատկապէս նկատի ունենալով անոր գրասենեակի ընդհանուր տնօրէն Նատեր Հարիրիի հրաժարականը:

Միւս կողմէ, Հարիրի երէկ նախագահեց Մուսթաքպալի պլոքի նիստին, որ սկսաւ մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութեամբ յարգելով իսրայէլեան բռնագրաւումին դէմ պայքարի ճամբուն վրայ ինկած պաղեստինցի նահատակներուն յիշատակը:

Նիստին ընթացքին Հարիրի շեշտեց, որ Մուսթաքպալ հոսանքի աշխատանքի հիմքերէն է պաշտպանել պաղեստինցիներուն իրաւունքը եւ Երուսաղէմի արաբական դիմագիծը: «Ոչ մէկ պարագայի կամ պայմանի տակ պիտի ընդունինք Երուսաղէմի հրէացումը եւ անոր արաբական ու պաղեստինեան ինքնութեան աղաւաղումը», ըսաւ Հարիրի:

Վարչապետը նշեց, որ երեսփոխանական ընտրութիւններուն արդիւնքներուն հիմամբ Մուսթաքպալ հոսանքի երեսփոխաններուն թիւը նուազած է, սակայն անոր ուժը` երբեք: Ան նշեց, որ ընտրութիւնները բացայայտած են կազմակերպական սխալներ եւ խախտումներ` կարգ մը ընտրաշրջաններու մէջ, սակայն անոնք միաժամանակ ցոյց տուած են, թէ Մուսթաքպալի անդամ երիտասարդները իրենց պարտականութիւնն ու պատասխանատուութիւնը ստանձնած են:

Հարիրի յայտնեց, որ նոյնիսկ եթէ Մուսթաքպալ պլոքը յաւելեալ թիւով երեսփոխաններ ապահովէր, պիտի չկարենար արդարացնել որոշ ընտրաշրջաններու, յատկապէս Պէյրութի մէջ հոսանքին անկազմակերպ աշխատանքը:

Վարչապետ Հարիրի ընդգծեց, որ ժողովուրդը հետեւեցաւ երեսփոխանական ընտրութիւններուն եւ փաստեց, թէ Մուսթաքպալ հոսանքը բացթողում, խախտում, փտածութիւն կամ անկազմակերպ վիճակ չի հանդուրժեր:

Նիստին աւարտին Հարիրի ռամատանի առիթով շնորհաւորեց լիբանանցիները:

Նշենք, որ Հարիրիի այցելեց Լիբանանի մէջ Իտալիոյ դեսպան Մասիմօ Մարոթթի: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւններն ու երկկողմանի յարաբերութիւնները:

Հանդիպումէն ետք Մարոթթի շեշտեց, որ Իտալիա յանձնառու կը մնայ Հռոմի խորհրդաժողովին խոստումները կատարելու:

 

Նախորդը

Միքաթի Պուխարիի Հետ Քննարկեց Լիբանանեան-Սէուտական Յարաբերութիւնները

Յաջորդը

Պաշտպանութեան Գերագոյն Խորհուրդը Ճշդեց Պեքաայի Ու Պաալպեքի Մէջ Որդեգրուելիք Ապահովական Միջոցառումներն Ու Գործադրուելիք Բարգաւաճման Ծրագիրները

RelatedPosts

Հեռաձայնելով Սալամին`  «Լիբանանի Կայունութեան Ու Հողային  Ամբողջականութեան Կը Զօրակցինք»  Կ՛ըսէ Քաթարի Վարչապետը
Գլխաւոր լուրեր

Հեռաձայնելով Սալամին` «Լիբանանի Կայունութեան Ու Հողային Ամբողջականութեան Կը Զօրակցինք» Կ՛ըսէ Քաթարի Վարչապետը

November 4, 2026
Սուրիա Հոմսի Քարիւղի Զտարանը Թիրախաւորող  «Հըզպալլայի Ահաբեկչական Ծրագիր»-ի  Ձախողութեան Մատնուիլը Յայտարարեց
Լիբանանեան

Սուրիա Հոմսի Քարիւղի Զտարանը Թիրախաւորող «Հըզպալլայի Ահաբեկչական Ծրագիր»-ի Ձախողութեան Մատնուիլը Յայտարարեց

November 4, 2026
Պայրագտարեան Ընդունեց  Պատուելի Թերզեանը
Լիբանանեան

Պայրագտարեան Ընդունեց Պատուելի Թերզեանը

November 4, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.