Միջազգային կարգ մը մարզական լրատուամիջոցներ անցնող քանի մը օրերուն անդրադարձան Ռէալ Մատրիտի մարզիչ Զինետին Զիտանին:
«Էլ-Քոնֆիտենշըլ»-ի համաձայն, Զիտան դէմ չէ գլխաւորելու Ֆրանսայի ֆութպոլի ազգային խումբը:
«Լա լիկա»-ի 2017-2018 տարեշրջանի աւարտէն անմիջապէս ետք, Զիտան պաշտօնապէս պիտի յայտարարէ, թէ ի՞նչ են ապագայի իր քայլերը:
2018-ի մոնտիալէն անմիջապէս ետք, Ֆրանսայի մարզիչ Տիտիէ Տեշան պիտի լքէ իր պաշտօնը:



