Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հարիրի Ընդգծեց Աշխատանքի Առիթներ Ստեղծելու Եւ Սեփական Մարզը Զօրացնելու Կարեւորութիւնը

May 18, 2018
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ վարչապետարանին մէջ նախագահեց պետական եւ սեփական մարզերուն միջեւ փոխադարձ գործակցութեան ծրագիրներ բովանդակող համաձայնագիրի մը ստորագրութեան:

Հարիրի շեշտեց, որ իրենք մեծ յոյսեր ունին, որ իրենց տնտեսական եւ ընկերային մարզերուն բարգաւաճման վերաբերող պատկերացումներն ու ծրագիրները յաջողութիւն կ՛արձանագրեն:

Այս շրջագիծին մէջ Հարիրի ընդգծեց աշխատանքի առիթներ ստեղծելու եւ սեփական մարզը զօրացնելու կարեւորութիւնը:

Հարիրի նշեց, որ Սետրի խորհրդաժողովին նպատակը աշխատանքի նոր առիթներու ստեղծումն էր, եւ ներկայիս սեփական մարզին հետ արդէն իսկ մշակուած են հիմնական երեք ծրագիրներ, որոնց գործադրութիւնը քաջալերելի է:

Վարչապետ Հարիրի բոլորին շնորհակալութիւն յայտնեց` մեծապէս գնահատելով անոնց աշխատանքը, աւելցնելով, որ Պէյրութի միջազգային օդակայանը ընդարձակելու ծրագիրը, որուն գործադրութիւնը ուշացաւ` լիբանանեան պետութեան կողմէ, պիտի իրագործուի սեփական մարզին միջոցով:

Հարիրի շեշտեց, որ իրենք կը գտնուին կառավարութեան օրինական նստաշրջանի վերջին օրերուն` աւելցնելով սակայն, որ ապագայի իմաստով լաւատես են:

Հարիրի ընդունեց նաեւ նախկին վարչապետ Թամմամ Սալամը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան քաղաքական բեմը յուզող հարցերը:

Հանդիպումէն ետք Սալամ յայտնեց, որ Լիբանան կարիքը ունի լուծումներու` նշելով, որ ներկայ կառավարութիւնը բազմաթիւ լուծումներու կրցած է յանգիլ, ինչպէս` երեսփոխանական ընտրութիւնները:

Սալամ յայտնեց, որ Հարիրիի հետ իր յարաբերութիւնը եւ քաղաքական դաշինքը ամուր եւ անխախտ կը մնայ:

«Մենք կը զօրակցինք Հարիրիի եւ անոր որոշումներուն: Վարչապետը պատրաստ է իր պատասխանատուութիւնները ստանձնելու, հետեւաբար պէտք չէ ուշացում արձանագրուի, որովհետեւ անիկա իր ժխտական ազդեցութիւնը կրնայ ունենալ Լիբանանի վրայ», հաստատեց ան:

Վարչապետ Հարիրիի այցելեց նաեւ Լիբանանի մէջ Իրանի դեսպան Մոհամետ Ֆաթհալի, որ վարչապետին հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւններն ու երկկողմանի յարաբերութիւնները:

Վարչապետ Հարիրիի այցելեց նաեւ նորընտիր երեսփոխան Հանրի Շտիտ:

Հանդիպումէն ետք ան շեշտեց, որ ինք մաս պիտի կազմէ Մուսթաքպալ պլոքին:

Վարչապետարանի այցելուներէն եղաւ նաեւ հանրապետութեան նախկին նախագահ զօր. Միշել Սլէյման, որ ընդգծեց Լիբանանը շրջանային հարցերէն չէզոք պահելու կարեւորութիւնը:

Նշենք, որ Հարիրի երէկ երեկոյեան հեռաձայնային հաղորդակցութիւններ ունեցաւ ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարար Սեզար Ապի Խալիլի ու Ելեկտրականութեան ընկերութեան նախագահ Քամալ Հայեքի հետ եւ անոնցմէ ստացաւ խոստում, որ ռամատանի ընթացքին Թրիփոլիի մէջ նուազագոյնը իֆթարի պահուն ելեկտրական հոսանք հայթայթուի բնակչութեան:

Նախորդը

Ռիատ Սալամէ. «Լիբանանեան Թղթոսկիին Վիճակը Կայուն Է, Եւ Կը Փնտռենք Միջոցներ` Լուծելու Համար Համաշխարհային Տոկոսներու Բարձրացումը»

Յաջորդը

Պիւֆոնի Եւ Եուվենթուսի Մրցանիշները

RelatedPosts

Աուն. «Լիբանան Չի Կրնար Առանց Իր Քրիստոնեայ  Եւ Իսլամ Թեւերուն Ապրիլ, Եւ Անոր Մէջ  Քրիստոնեաներու Ներկայութեան Վտանգ Չկայ»
Գլխաւոր լուրեր

Աուն. «Լիբանան Չի Կրնար Առանց Իր Քրիստոնեայ Եւ Իսլամ Թեւերուն Ապրիլ, Եւ Անոր Մէջ Քրիստոնեաներու Ներկայութեան Վտանգ Չկայ»

October 29, 2026
Թրքական Ներկայութիւնը Ընդլայնելու  Ջանքերու Ծիրին Մէջ.  Էրտողանի Որդին Նոյեմբերին  Լիբանան Պիտի Այցելէ
Լիբանանեան

Թրքական Ներկայութիւնը Ընդլայնելու Ջանքերու Ծիրին Մէջ. Էրտողանի Որդին Նոյեմբերին Լիբանան Պիտի Այցելէ

October 29, 2026
Քասեմ. «Դիմադրութեան Զէնքի Յանձնման  Վերաբերեալ Քննարկումը Անտեղի Է»
Լիբանանեան

Քասեմ. «Դիմադրութեան Զէնքի Յանձնման Վերաբերեալ Քննարկումը Անտեղի Է»

October 29, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.