Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Զէյնալեան. «Փտածութեան Դէմ Պայքարի Գործնական Արդիւնքները Պէտք Է Տեսանելի Ըլլան Հասարակութեան»

May 17, 2018
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայաստանի արդարադատութեան նախարար Արտակ Զէյնալեան երէկ ընդունեց Հայաստանի մէջ Բրիտանիոյ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Ճուտիթ Ֆարնուորթը:

Նախարարը կարեւոր նկատեց Բրիտանիոյ հետ փոխադարձ գործակցութիւնը եւ նշեց, որ Հայաստանի մէջ վերջերս տեղի ունեցած իրողութիւնները համախմբուած եւ համաձայնեցուած հունով աշխատելու պատրաստակամութիւն յառաջացուցած են:

Դեսպանը շնորհաւորեց Արտակ Զէյնալեանը նախարար նշանակուելուն առիթով, բարձր գնահատեց արդարադատութեան նախարարութեան հետ ստեղծուած յարաբերութիւններու մակարդակը եւ Բրիտանիոյ կողմէ վերահաստատեց Հայաստանի արդիւնաւէտ կառավարման ուղղուած աջակցութիւնը:

Նախարար Զէյնալեան իր հերթին վստահեցուցած է, որ Բրիտանիոյ հետ նախանշուած ծրագիրները պիտի իրականացուին տեղի ունեցած նոր փոփոխութիւններու լոյսին ներքեւ: «Պիտի ընենք առաւելագոյնը, որպէսզի ո՛չ միայն գործնականին մէջ բացառենք փտածութիւնը, այլեւ հասարակութեան համար ակնյայտ ըլլան փտածութեան դէմ պայքարի արդիւնքները», ընդգծած է նախարարը:

Արտակ Զէյնալեան դեսպանին հետ զրոյցին ընթացքին հաստատեց նաեւ արտակարգ խորհրդարանական ընտրութիւններուն ընդառաջ Ընտրական օրէնսգիրքին եւ յարակից օրէնքներուն մէջ փոփոխութիւններ կատարելու վճռականութիւնը: Ըստ նախարարին, պէտք է պահպանել եւ զարգացնել ընտրական գործընթացին մէջ ձեռքբերուած յաջողութիւնը եւ բացառել ընտրակաշառքը իբրեւ կամքի ձեւաւորման միջոց: «Պէտք է վերաիմաստաւորենք նաեւ դիտորդներու մասնակցութիւնը ընտրութիւններու գործընթացին մէջ` ապահովելով վերջիններուս անաչառութիւնն  ու նպատակային մասնակցութիւնը այս գործընթացին մէջ», նշած է նախարարը` միաժամանակ աւելցնելով, որ բողոքարկման ընթացքները ընտրական գործընթացներուն մէջ շատ անարդիւնաւէտ են, եւ փոփոխութիւնները ուղղուած պիտի ըլլան նաեւ այդ բացը լրացնելուն:

Հանդիպման ընթացքին արդարադատութեան նախարարը անդրադարձած է նաեւ դատական համակարգի խնդիրներուն, փտածութեան դէմ պայքարին, հանրային ծառայութիւնները քաղաքացիին աւելի հասանելի դարձնելուն ուղղուած աշխատանքին:

Հանդիպման աւարտին կողմերը համագործակցելու, փոխադարձ գործակցութեան ոլորտները նախանշելու եւ անոնց բարելաւման ուղղութեամբ գործուն քայլեր ձեռնարկելու համաձայնութիւն ձեռք բերած են:

 

Նախորդը

Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւն Արամ Ա. Կաթողիկոսի Եւ Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի Միջեւ

Յաջորդը

Արծուիկ Մինասեան. «Պիտի Ներկայացնենք Տնտեսական Համակարգի Ծրագիրը, Յեղափոխական Մօտեցումներ Պիտի Ըլլան»

RelatedPosts

Ակնարկ.  Երկու Տարածաշրջան,  Երկու Գլխաւոր Պետութիւն
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Երկու Տարածաշրջան, Երկու Գլխաւոր Պետութիւն

January 13, 2026
Թրամփ. «Բանակը Իրանի Վերաբերեալ  Շատ Ուժեղ Ընտրանքներ Կը Սերտէ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Բանակը Իրանի Վերաբերեալ Շատ Ուժեղ Ընտրանքներ Կը Սերտէ»

January 13, 2026
Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը  Բողոքագիր Կը Յանձնէ Ռուսիոյ Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը Բողոքագիր Կը Յանձնէ Ռուսիոյ Դեսպանին

January 13, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.