Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

May 14, 2018
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԻՍԼԱՄԱԿԱՆ օրինական խորհուրդը երէկ գումարեց իր նիստը` նախագահութեամբ հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիանի: Խորհուրդը մտահոգութիւն յայտնեց լիբանանեան տարբեր շրջաններուն մէջ արձանագրուող ապահովական խախտումներէն ու զինեալ բախումներէն` կոչ ուղղելով ազգային փոխըմբռնում մը գոյացնելու:

ԱՐՏԱՔԻՆ գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլ երէկ Պաթրունի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Էլիզապեթ Ռիչըրտի հետ: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան եւ միջինարեւելեան իրադարձութիւնները, յատկապէս հիւլէական թղթածրարին շուրջ գոյացած համաձայնութենէն Ուաշինկթընի դուրս գալու որոշումին ունենալիք հաւանական հետեւանքները:

ՄԱՐՈՆԻ համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը յոյս յայտնեց, որ նորընտիր երեսփոխանները ամէն ջանք ի գործ դնեն ի խնդիր իրենց տեսլականի միացման եւ օրէնքի պետութեան պաշտպանութեան:

ԳԱՂԹԱԿԱՆՆԵՐՈՒ հարցերու նախարար Թալալ Արսլան թուիթըրեան գրառումով մը հերքեց այն լուրերը, թէ ինք պաշտպանութեան նախարար պիտի նշանակուի: Արսլան շեշտեց, որ այդ լուրը անճիշդ է:

ՊԱՇՏՊԱՆՈՒԹԵԱՆ նախարար Եագուպ Սարրաֆ շեշտեց, որ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան արձանագրած յաղթանակը հզօր Լիբանանին եւ անոր հաստատութիւններուն արձանագրած յաղթանակն է: Ան աւելցուց, որ առաջին անգամ ըլլալով է, որ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութիւնը Աքքարի մէջ միայն երկու երեսփոխանով կը ներկայացուի:

ՓՏԱԾՈՒԹԵԱՆ դէմ պայքարի պետական նախարար Նիքոլա Թուէյնի կոչ ուղղեց հանրային շահերու ծառայութեան մշակոյթը տարածելու ի խնդիր մարդկութեան` առանց ցեղապաշտութեան եւ խտրութեան:

ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան երեսփոխան Էլիաս Հանքաշ յայտնեց, որ Փաղանգաւոր կուսակցութիւնը մտադիր չէ Սաատ Հարիրիի անունը առաջադրել` վարչապետի պաշտօնին համար:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Հանի Քպայսի շեշտեց, թէ իրենց համար ընդունելի չէ, որ կառավարութեան աշխատանքային ծրագիրին մէջ Դիմադրութիւն եզրին գործածութիւնը ոմանց կողմէ մերժուի:

ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան երեսփոխան Նետիմ Ժեմայէլ հաստատեց, որ իրենք կը մերժեն Լիբանանի պետական օրինականութիւնը Հըզպալլային յանձնել:

ՆՈՐԸՆՏԻՐ երեսփոխան Էլի Ֆըրզլի հաստատեց, որ երկրին նոր իշխանութիւնը սկսած է գործել, եւ կոչ ուղղեց Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահին ուղղուելու դէպի ընդդիմութիւն:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան երեսփոխան Ֆատի Քարամ նախատեսեց, որ նոր կառավարութեան կազմութիւնը յապաղում արձանագրէ` աւելցնելով. «Ո՛վ որ կը կարծէ, թէ Հըզպալլա կը տիրէ նոր խորհրդարանին` չարաչար կը սխալի»:

 

Նախորդը

«Թուրքիան Մէկ Շաբթուան Մէջ Պիտի Աւարտէ Իտլիպի Մէջ Հսկողութեան Կէտերու Կառուցումը» Կ՛ըսէ Էրտողան

Յաջորդը

Ֆրենժիէ Խազենի Եւ Սամատի Հետ Քննարկեց Երեսփոխանական Համախմբում Մը Գոյացնելու Կարելիութիւնները

RelatedPosts

Հեռաձայնելով Սալամին`  «Լիբանանի Կայունութեան Ու Հողային  Ամբողջականութեան Կը Զօրակցինք»  Կ՛ըսէ Քաթարի Վարչապետը
Գլխաւոր լուրեր

Հեռաձայնելով Սալամին` «Լիբանանի Կայունութեան Ու Հողային Ամբողջականութեան Կը Զօրակցինք» Կ՛ըսէ Քաթարի Վարչապետը

November 4, 2026
Սուրիա Հոմսի Քարիւղի Զտարանը Թիրախաւորող  «Հըզպալլայի Ահաբեկչական Ծրագիր»-ի  Ձախողութեան Մատնուիլը Յայտարարեց
Լիբանանեան

Սուրիա Հոմսի Քարիւղի Զտարանը Թիրախաւորող «Հըզպալլայի Ահաբեկչական Ծրագիր»-ի Ձախողութեան Մատնուիլը Յայտարարեց

November 4, 2026
Պայրագտարեան Ընդունեց  Պատուելի Թերզեանը
Լիբանանեան

Պայրագտարեան Ընդունեց Պատուելի Թերզեանը

November 4, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.