Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ներգաղթի Դասը` Հայրենադարձութեան Յաջողութեան Մեկնակէտ

May 14, 2018
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Յ. ՊԱԼԵԱՆ

Հայաստան բնակութիւն կը հաստատեն «սփիւռքահայեր», ոչ միայն` Իրաքէն կամ Սուրիայէն հայրենադարձներ, որոնք ապահովութեան ապաստան կը փնտռեն: Կան նաեւ Ամերիկայէն, Լիբանանէն, կամ այլ երկիրներէ եկողներ:

Զուգադիպութեամբ մը, Բ. Աշխարհամարտի յաջորդած տարիներու ներգաղթի մասին գիրքեր լոյս կը տեսնեն` յիշողութիւն եւ գրականութիւն միախառնելով: Այդ էջերու ընթերցումը ներազգային իմաստութեան առջեւ դուռ կը բանայ:

Իմաստութեան դուռ, որպէսզի բարի կամեցողութիւնները խութի չզարնուին:

Յաւակնութիւնը չունիմ այդ նիւթով հրատարակուած ամբողջ գրականութիւնը կարդացած ըլլալու: Առաւելաբար զիս հետաքրքրեցին այդ տարիները անպաճոյճ եւ կամ գեղարուեստական գրականութեան ճամբով սեւեռող գիրքերը: Անոնց պատմածը մեր կեանքն է: Եթէ ուրիշներ ալ կան, լաւ է, որ անոնց մասին արտայայտուին «ընթերցող»-ներ:

Առանց վարդապետական ըլլալու արհեստական ճիգի` երեք փոքրածաւալ գիրքեր գրաւեցին ուշադրութիւնս, երեքն ալ` գրուած հայրենադարձներու «աշխարհ»-ի տպաւորութիւններու ինքնուրոյն մթնոլորտին մէջ. անկասկած` յիշողութիւններ, բայց նաեւ` մասնաւոր պարագաներէ անդին անցնող մտածումներ, յոյսերու եւ բեկումներու բախման գեղարուեստական պատկերներ:

Տարբեր հասցէներէ եկած` հայրենադարձներու պատմութիւններ: Նմանութիւններ միշտ կրնան ըլլալ, բայց կացութիւններու դիմագրաւումը եւ անոնց յառաջացուցած հակազդեցութիւնները միշտ ենթակայական են, ապրումներ` նոյն եւ տարբեր, մարդկայինի, անհատականի եւ հայրենասիրականի միախառնուող եւ զանազանուող տեսարաններով:

Գրողներ Ալիս Յովհաննիսեանը եւ Յակոբ Յարութիւնը, օփերայի երգիչ եւ ղեկավար Տիգրան Լեւոնեանը, կը պատմեն «ներգաղթ»-ը եւ «ներգաղթողներ»-ը, պատկերներ, այնքան հեռու եւ մօտ հարազատ պատմութիւն, որ թէեւ այնքան ալ հին չէ որպէս հոգեկան խռովք, անհատականի եւ հաւաքականի չզանազանուող յիշողութիւններ, հայրենահանումէ ետք թափառումներ, նոր կայքեր, կեանք, որ կը շարունակուի պատշաճեցումներով:

Ապագայակերտ կ՛ըլլայ այս գրականութեան տարածումը, Հայաստան եւ սփիւռք(ներ: Սերունդները կրնան փոխուիլ, բայց վերաբերումները կրնան կրկնուիլ: Հարկ է գիտնալ եւ կանխել:

Ցեղասպանութենէ ճողոպրած հայրենահանուածներ իրենք զիրենք գտած էին տարբեր եւ նոր երկինքներու տակ, Պէյրութ, սուրիական Թել Քոչաք կամ պուլկարական Ռուսճուկ եւ այլ վայրեր: Նոր եւ օտար աշխարհներ, նոր դրացիներ, որոնց հետ կիսած էին իրենց օրերը: Եւ հուսկ, հայու սրտին այնքա՜ն մօտիկ` ներգաղթը, կեանքը իր հունին մէջ դնելու սէրը եւ կարօտը, որոնք կը վերածուին անծանօթի մէջ ոստումի:

Բ. Աշխարհամարտի աւարտին տեղի ունեցած «ներգաղթ»-ի մասին հարկ է խօսիլ, խօսիլ նաեւ անոր յաջորդած «ներգաղթողներու արտագաղթ»-ի մասին, որպէսզի հայ ժողովուրդին եւ Հայաստանի համար էական կարեւորութիւն ունեցող «հայրենադարձութիւն» տեղի ունենայ ոչ միայն միաւորներու հոգեկան բաւարարութեան համար: Հայրենադարձութիւն, որ պէտք է կազմակերպել` ընելով այնպէս, որ ան յաջողի, չկրկնուի «ներգաղթ»-ի ձախողութիւնը, որ պատճառ դարձաւ տարերային արտագաղթի:

Երէկ խորիմաստ էր Շաւարշ Միսաքեանի խօսքը. «Հայրենիքը պանդոկ չէ»: Աւելի քան խորիմաստ էր եւ է այդ խօսքը` Հայաստանէն դիտուած, քանի որ ան կը խտացնէ  ազգի գոյացման խարիսխը: Ան նոյնքան խորիմաստ է սփիւռքներէն դիտուած, երբ Հայրենիքը «կարօտակէզ» հոգիներու համար զբօսաշրջութեամբ ապրուող բալասան է` առանց ազգային-քաղաքական յառաջընթաց ըլլալու: Երկու պարագաներուն ալ մենք մեզ կը գտնենք հայրենատիրութեան մարդկային-ազգային-մշակութային-քաղաքացիական գիտակցութեան նահանջին առջեւ, զոր հասկնալ-բացատրելու-արդարացնելու բոլոր կեղծիքները խտացնող ճառերը անհետացման առաջնորդող մայրուղիներ են:

Հայրենիքի տէր ըլլալու պայմանները կը ստեղծուին քաղաքական եւ գաղափարախօսական կամքով: Յաջողելու համար արմատ նետելու կարելիութիւն պէտք է տալ հայրենադարձին` դիւանակալական ճապկումներով պատեր չբարձրացնելով: Որպէսզի հայրենադարձը արմատ նետէ, հարկ է վնասազերծել այն բոլոր անհարթութիւնները, որոնք արմատներու աճումը կ՛արգելակեն եւ կը փտեցնեն: Պետական եւ համազգային գիտակցութեամբ, բացասական վերաբերումները հարկ է առանձնացնել եւ անոնց դէմ մղել իսկական անխնայ պայքար:

Հայրենադարձութիւնը նեցուկի պէտք ունի` բարոյական, վարչական, մշակութային, նիւթական: Ժողովուրդը, պետական եւ քաղաքային վարչութիւնները պիտի հասկնան, որ հայրենադարձները կը վերագտնեն նոր աշխարհ եւ միջավայր, վարժութիւնը եւ պատշաճեցումը պէտք է դիւրացնել, որպէսզի հայրենադարձը չմտածէ կրկին երկրէն դուրս գալու մասին, քաջ գիտնալով, որ այդ երկրորդ ելքը կ՛ըլլայ անվերադարձ եւ ազգի համրանքի վերջնական կորուստ: Վերջին տասնամեակներուն Հայաստան ապաստան գտածներ կրկին սփիւռքացած են, ինչ որ գաղափարական պարտութեան արտայայտութիւն է:

Ֆրանսայէն ներգաղթած հայը երբ դէպի Ֆրանսա արտագաղթեց, ֆրանսական թերթը գրեց, որ` «Ան վերադարձաւ իր հայրենիքը»… Ի՜նչ ծաղր…

Պետութեան, լրատուամիջոցներու եւ ընկերային բոլոր կառոյցներու նպաստով պէտք է ապահովել հայրենադարձի անխոչընդոտ համարկումը հայրենիքի տնտեսական, ընկերային եւ քաղաքական կեանքին, որպէսզի` «Իրենց չպատկանող հայրենիքը չվերադառնան»:

Այս համարկումը չ՛իրականանար բաժակաճառերով:

Մանաւանդ պէտք է հասկնալ նաեւ, որ բոլոր սփիւռքահայերը միլիոնատէր չեն, միլիոնատէր չեն նաեւ բոլոր հայրենադարձները:

Ալիս Յովհաննիսեանի, Յակոբ Յարութիւնի եւ Տիգրան Լեւոնեանի վկայութիւնները պէտք է հասնին հայրենի ժողովուրդի իւրաքանչիւր ընտանիքի, որպէսզի հայրենադարձը ըլլայ հարազատ, չդիտուի որպէս օտար: Այդ դրական վերաբերումը կրնայ բանալ դարպասը աւելի մեծաթիւ հայրենադարձութեան: Հայրենադարձութիւնը ազգի եւ հայրենիքի հզօրացում է: Կը յառաջանա՞յ այս գիտակցութիւնը զանգուածներուն համար, ներսը եւ դուրսը:

Եւ նկատի ունենալով օրինակի արժէքը` կազմակերպուած եւ յաջողած հայրենադարձութիւնը կրնայ նաեւ ազդու դարմանը ըլլալ վարակ դարձած արտագաղթին:

Այս հարցի մասին պէտք է խօսիլ առանց հռետորական աղմկարարութեան, խօսիլ ազգային ապագայի տեսիլքի մը իրականացման սիրով եւ հաւատքով, անհատական եւ հաւաքական յանձնառութեամբ:

Հայրենադարձութիւնը յաղթանակ է` ընդդէմ Ցեղասպանութեան եւ հայրենահանման:

Ո՛չ տիտղոս, ո՛չ հանգամանք, ո՛չ երեւելիութիւն:

Եւ ոչ բարոյական բեմական անվաղորդայն յուզում, այլ` քաղաքական աքթ:

Հարկ է ունենալ բաւարար ազգային գիտակցութիւն եւ հպարտութիւն, աշխարհներու միւս ծայրերէն չդիտելու համար Արարատի գլխէն կախուած «Լուսաւորչի Կանթեղը», եւ հայրենատէր ըլլալու համար ըլլալ ներկայ, ոչ` սոսկ բարեսէր եւ ոչ ալ` եկող-գացող «տուրիստ»:

28 ապրիլ 2018, Քուինզ, Նիւ Եորք

 

Նախորդը

Անդրադարձ. Թրքական Կուսակցութիւնները Ինչպէ՞ս Նշեցին Հայոց Ցեղասպանութեան 103-ամեակը

Յաջորդը

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. Մօր Կարօտով

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Խորհրդարանական Հարցապնդում Եւ Խաղաղութեան Խոստում

September 16, 2026
Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը.  Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով
Անդրադարձ

Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը. Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով

September 16, 2026
Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ
Անդրադարձ

Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.