Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պելճիքացի Երեսփոխաններու Նամակը` Պելճիքայի Արտաքին Գործոց Նախարարին. «Ազրպէյճան Պէտք Է Դադրեցնէ Քաղաքական Հետապնդումը Գասպար Կարապետեանի Նկատմամբ»

May 12, 2018
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ դատի գրասենեակը կը հաղորդէ, որ պելճիքացի երեսփոխաններ Տաւիտ Քլարենվար, Ժորժ Տալեման եւ Էլս Վան Հոֆ Պելճիքայի արտաքին գործոց նախարար Տիտիէ Ռէյնտերսին յղած են հետեւեալ նամակը.

«Յարգելի՛ պարոն նախարար` սոյն նամակով կ՛ուզենք ձեր ուշադրութիւնը հրաւիրել ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ դատի գրասենեակի (պելճիքական հասարակական կազմակերպութեան) նախագահ Գասպար Կարապետեանի դէմ Ազրպէյճանի Հանրապետութեան` Ինթըրփոլին ներկայացուցած ձերբակալման միջազգային արտօնագիրին վրայ: Այդպիսի արտօնագիր անընդունելի է եւ ունի չարաշահող բնոյթ: Ձերբակալման միջազգային արտօնագիրի հիմքը Գասպար Կարապետեանի Լեռնային Ղարաբաղի-Արցախի Հանրապետութեան տարածք պարբերաբար այցելելն է:

«ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ դատի գրասենեակը Պրիւքսելի մէջ գործող հասարակական կազմակերպութիւն մըն է, որ քաղաքացիական գործունէութեան ճամբով կը փորձէ հանրութեան իրազեկութիւնը բարձրացնել Լեռնային Ղարաբաղի վերաբերեալ եւ աշխատանք կը տանի Լեռնային Ղարաբաղի բնակչութեան պարտադրուած աշխարհաքաղաքական մեկուսացման ջնջման ուղղութեամբ: Պարոն Կարապետեանի մնայուն այցելութիւնները պայմանաւորուած են վերոնշեալ նպատակներուն իրականացումով:

«Պարո՛ն նախարար, ինչպէս ձեզի յայտնի է, միջազգային իրաւունքին մէջ ոչ մէկ արժեչափ գոյութիւն ունի, որ կ՛արգիլէ Պելճիքայի կամ եւրոպական որեւէ այլ երկրի քաղաքացիին այցելել Լեռնային Ղարաբաղ: Այդպիսի այցելութիւնները խիստ կարեւոր են տագնապի խաղաղ լուծման համար, ինչ որ խնդիրի լուծման միակ ընդունելի տարբերակն է:

«Կը ցաւինք, որ Ազրպէյճանի իշխանութիւնները կ՛օգտագործեն սպառնալիքներ` փորձելով քրէականացնել Լեռնային Ղարաբաղ այցելութիւնները եւ ստեղծելով անցանկալի անձերու սեւ ցուցակներ: Մենք համոզուած ենք, որ Ինթըրփոլին ներկայացուած ձերբակալման միջազգային արտօնագիրը` պրն. Կարապետեանի դէմ, ունի բացայայտ զրպարտող բնոյթ եւ ոչ այլ ինչ է, քան քաղաքական հալածանք: Ասիկա ցաւալի փաստ է եւ կը հակասէ մեր արժէքներուն:

«Պարո՛ն նախարար, Ազրպէյճանը երկիր մըն է, որուն հետ Պելճիքան ունի դիւանագիտական յարաբերութիւններ: Ըլլալով Պելճիքայի արտաքին գործոց նախարար` դուք կ՛աշխատիք նաեւ Ազրպէյճանի ձեր գործընկերոջ հետ: Այս առումով մենք կարեւոր կը նկատենք ձեզ տեղեակ պահել վերոնշեալին մասին, որպէսզի հետագային դուք կարենաք համապատասխան ձեւով գործել»:

 

Նախորդը

Քրեմլին Հաստատեց Փութին – Փաշինեան Հանդիպման Ժամկէտն Ու Վայրը

Յաջորդը

«Ծառուկեան» Դաշինքը Պիտի Ներգրաւուի Քոալիսիոնին Մէջ, Իսկ ՀՅԴ-ին Հետ Քննարկումները Կը Շարունակուին

RelatedPosts

Միրզոյեան Թեհրանի Մէջ Ներկայացուց ԹՐԻՓՓ-ի  Կարելիութիւնները, Իսկ Արաղչի Կրկնեց  «Երրորդ Կողմ»-ի Մասին Մտահոգութիւնը
Գլխաւոր լուրեր

Միրզոյեան Թեհրանի Մէջ Ներկայացուց ԹՐԻՓՓ-ի Կարելիութիւնները, Իսկ Արաղչի Կրկնեց «Երրորդ Կողմ»-ի Մասին Մտահոգութիւնը

October 6, 2026
Պաշտօնանկութիւն Ազգային Անվտանգութեան  Ծառայութեան Մէջ` Սիւնիքի Մէջ Ազրպէյճանցի  Զինուորի Ներթափանցումէն Ետք
Հայկական

Պաշտօնանկութիւն Ազգային Անվտանգութեան Ծառայութեան Մէջ` Սիւնիքի Մէջ Ազրպէյճանցի Զինուորի Ներթափանցումէն Ետք

October 6, 2026
Լիլիթ Գալստեան Պատրաստակամութիւն  Կը Յայտնէ Անձամբ Մեկնելու Պաքու`  Մարդասիրական Առաքելութեամբ
Գլխաւոր լուրեր

Լիլիթ Գալստեան Պատրաստակամութիւն Կը Յայտնէ Անձամբ Մեկնելու Պաքու` Մարդասիրական Առաքելութեամբ

October 5, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.