Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թրամփ – Ըն Հանդիպումը` 12 Յունիսին. «Թրամփի Հետ Հանդիպումը Դրական Փոփոխութիւններ Պիտի Բերէ Քորէական Թերակղզիին» Կ՛ըսէ Ըն

May 11, 2018
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հիւսիսային Քորէայի ղեկավար Քիմ Չեն Ըն յայտարարած է, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի հետ յառաջիկայ հանդիպումը դրական փոփոխութիւններ պիտի բերէ Քորէական թերակղզիին: «Արմէնփրես» կը յայտնէ, որ Քորէայի կեդրոնական լրատու գործակալութիւնը այդ մասին հաղորդած է` անդրադառնալով Հիւսիսային Քորէայի ղեկավարին եւ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մայքըլ Փոմփէոյի միջեւ տեղի ունեցած հանդիպումին արդիւնքներուն:

«Ան (Ըն, «Ա.») յայտարարեց, որ Հիւսիսային Քորէայի եւ Միացեալ Նահանգներու յառաջիկայ վեհաժողովը պատմական հանդիպում պիտի դառնայ Քորէական թերակղզիին վրայ դրական փոփոխութիւններու եւ լուսաւոր ապագայի կերտման առաջին քայլին համար», նշուած է գործակալութեան հաղորդագրութեան մէջ:

Նշենք, որ Փոմփէօ 8 մայիսին հասած էր Հիւսիսային Քորէայի մայրաքաղաք Փիոնկիանկ` ճշդելու համար յառաջիկայ վեհաժողովին հետ կապուած կազմակերպչական հարցերը: Ան «Թուիթըր»-ի վրայ գրած է, որ «արդիւնաւէտ» զրոյց մը ունեցած է Քիմ Չեն Ընի հետ: Ան նաեւ քորէական կողմին հետ համաձայնած է այդ երկրին մէջ ձերբակալուած ամերիկացի երեք քաղաքացիներու ազատ արձակման շուրջ:

9 մայիսին Թրամփ լրագրողներուն յայտարարած էր, որ Քիմ Չեն Ընի հետ իր հանդիպումին վայրն ու ժամանակը պիտի յայտարարուին յառաջիկայ երեք օրուան ընթացքին: Ան նշած էր, որ խօսքը չի վերաբերիր Հիւսիսային Քորէայի եւ Հարաւային Քորէայի միջեւ ապառազմականացուած գօտիի Փանմունջոմ սահմանամերձ վայրին:

«Էսոշիէյթըտ Փրես» լրատու գործակալութիւնը` վկայակոչելով ամերիկեան վարչակազմին մէջ իր աղբիւրները, յայտնած է, որ ներկայիս Սինկափուրն է մայիսի վերջաւորութեան կամ յունիսի սկիզբը նախատեսուած վեհաժողովին ամէնէն հաւանական վայրը:

Թրամփ երէկ յայտարարեց, թէ Ընի հետ պիտի հանդիպի 12 յունիսին, Սինկափուրի մէջ:

Նախորդը

«Իրան Կը Կատարէ Վեցեակին Հետ Համաձայնագիրի Ծիրին Մէջ Ստանձնած Պարտաւորութիւնները» Կ՛ըսէ Ամանօ

Յաջորդը

Ասատ. «Կը Պայքարինք Ահաբեկիչներուն Դէմ, Որոնք Թրքական, Ամերիկեան Եւ Սէուտական Վարչակարգերու Բանակն Են»

RelatedPosts

Միացեալ Նահանգներու Մէջ`  Միջանկեալ Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Միացեալ Նահանգներու Մէջ` Միջանկեալ Ընտրութիւններ

November 4, 2026
Թրամփ. «Իրանի Հետ Համաձայնութիւն  Գոյացնելու Շատ Մեծ Հաւանականութիւն Կայ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Իրանի Հետ Համաձայնութիւն Գոյացնելու Շատ Մեծ Հաւանականութիւն Կայ»

November 4, 2026
Իրանեան Զինեալ Ուժերու  Սպայակոյտի Պետը Յայտարարեց.  «Տեւական Անվտանգութեան Հաստատման Իրանի  Ծրագիրը Լիբանանի Եւ Կազայի Մէջ  Պատերազմի Աւարտը Կը Ներառէ»
Գլխաւոր լուրեր

Իրանեան Զինեալ Ուժերու Սպայակոյտի Պետը Յայտարարեց. «Տեւական Անվտանգութեան Հաստատման Իրանի Ծրագիրը Լիբանանի Եւ Կազայի Մէջ Պատերազմի Աւարտը Կը Ներառէ»

November 4, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.