Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թուրքիան Պիտի Գնէ «Էս-400» Համակարգերը` Հակառակ Միացեալ Նահանգներու Կողմէ Հաւանական Պատժամիջոցներու Սպառնալիքին

May 10, 2018
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Թուրքիոյ պաշտպանական արդիւնաբերութեան գլխաւոր վարչութեան քարտուղար Իսմայիլ Տեմիր յայտարարած է, թէ Թուրքիան Ռուսիայէն պիտի գնէ «Էս-400» հակահրթիռային համակարգերը` հակառակ Միացեալ Նահանգներու կողմէ հաւանական պատժամիջոցներու սպառնալիքին: Այս մասին կը հաղորդէ «Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը:

Տեմիր շեշտած է, որ իրենք տեղեակ են հաւանական պատժամիջոցներու մասին հաղորդումներէն, սակայն Թուրքիոյ եւ Ռուսիոյ նախագահները յստակ որոշում տուած են, եւ ատիկա անքակտելի է:

«Ասիկա մանկական խաղ չէ, որպէսզի այսօր բան մը ըսուի, վաղը` այլ բան», յայտարարած է թուրք պաշտօնատարը:

Յիշեցնենք, որ Թուրքիոյ խորհրդարանի արտաքին յարաբերութիւններու հարցով յանձնախումբի նախագահ Վոլքան Պոզքըր յայտնած էր, թէ Միացեալ Նահանգներ Անգարային սպառնացած է արգելակել «Էֆ-35» հինգերորդ սերունդի հալածիչներու վաճառքը` Ռուսիայէն «Էս-400» հակահրթիռային համակարգ ձեռք բերելու պարագային:

Պոզքըրի համաձայն, Ուաշինկթընի մէջ Թուրքիոյ կողմէ ռուսական համակարգեր ձեռք բերելու հարցը ծայրայեղ կը նկատեն: «Քոնկրեսին մէջ մտադիր են ատոր հետ կապել «Էֆ-35»-ի վաճառքը. եթէ մենք գնենք «Էս-400» համակարգերը, Քոնկրեսը պիտի որոշէ արգիլել վաճառքը», մեկնաբանած էր Պոզքըր:

 

Նախորդը

«Սէուտական Արաբիան Չ՛ուզեր, Որ Շրջանը Բարգաւաճում, Անվտանգութիւն Եւ Կայունութիւն Ունենայ» Կ՛ըսէ Ղասեմի

Յաջորդը

Չինաստան Ցաւ Կը Յայտնէ. Օպամա. «Իրան-Վեցեակ Համաձայնագիրէն Դուրս Գալու Որոշումը Լուրջ Սխալ Է»

RelatedPosts

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը  «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ

October 28, 2026
Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան  Խորհրդարանական Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան Խորհրդարանական Ընտրութիւններ

October 28, 2026
Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ  Վրայ Յարձակումին`  Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ  Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց
Գլխաւոր լուրեր

Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ Վրայ Յարձակումին` Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.