ԽՈՅ (21 մարտէն 20 ապրիլ)
Փոփոխութիւն պիտի մտցնէք ձեր առօրեային մէջ եւ արտաքինին վրայ: Տուեալները ի նպաստ ձեզի պիտի փոխուին: Դրական շրջան մըն է, նոր սկիզբ մը պիտի ունենաք:
ՑՈՒԼ (21 ապրիլէն 21 մայիս)
Արկածախնդրութիւններէ հեռու մնացէք: Ձեր շահը տեղքայլ պիտի ընէ: Ձեր տրամադրութիւնը պիտի վատանայ: Հոգ տարէք ձեր առողջութեան:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 մայիսէն 21 յունիս)
Երբ ճնշումները զարգանան, մի՛ յամառիք եւ կառչած մի՛ մնաք ձեր կեցուածքին վրայ: Ցոյց տուէք ձեր կարողութիւնը աշխատանքի մէջ: Մի՛ փորձէք սուտ խօսիլ, շուտով երեւան կ՛ելլէ:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 յունիսէն 23 յուլիս)
Ձեր տրամադրութիւնը պիտի բարձրանայ: Պիտի յաջողիք աշխուժութիւն եւ կայտառութիւն մտցնել ձեր կեանքին մէջ: Ձեր մտային շինիչ կարողութիւնները օգտագործեցէք շատ մը խնդիրներ լուծելու համար:
ԱՌԻՒԾ (24 յուլիսէն 23 օգոստոս)
Ժողովներ եւ հանդիպումներ պիտի ունենաք: Մի՛ յամառիք, դրական եղէք, որպէսզի պայմանները լաւանան: Ճկուն եւ առոյգ եղէք: Ամսուան լաւ օրերէն մէկն է:
ԿՈՅՍ (24 օգոստոսէն 23 սեպտեմբեր)
Ձեր պատասխանատուներուն եւ տնօրէնին զայրոյթէն հեռու կեցէք, որպէսզի թշնամութիւն չի յառաջանայ: Վիճաբանութեան մէջ մի՛ մտնէք, որովհետեւ պիտի պարտուիք: Ամսուան դժուար օրերէն մէկն է:
ԿՇԻՌՔ (24 սեպտեմբերէն 23 հոկտեմբեր)
Բոլոր մարզերուն մէջ աշխուժ շրջան մըն է: Առիթը օգտագործեցէք` իրականացնելու ձեր նպատակները: Կանուխ գացէք աշխատանքի: Ձեր ընկերներուն օգնութիւնը խնդրեցէք ձեր գործերը ամբողջացնելուն համար:
ԿԱՐԻՃ (24 հոկտեմբերէն 23 նոյեմբեր)
Յաղթանակ պիտի տօնէք: Դրական շրջան մըն է: Ձեր միտքը պիտի հանգստանայ, եւ հաճելի ժամանակ պիտի անցընէք փոքրիկներու հետ:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 նոյեմբերէն 21 դեկտեմբեր)
Հարցեր մի՛ յարուցէք եւ դէմ մի՛ կենաք ընդհանուր կարծիքին: Ընտանեկան եւ անձնական հարցերը հանդարտութեամբ լուծեցէք: Պիտի հեռանաք ձայներէ եւ խճողուած մթնոլորտէ` նախընտրելով հանդարտութիւնը:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 դեկտեմբերէն 20 յունուար)
Մի՛ պարտադրէք ձեր տեսակէտը այլոց վրայ: Գործակցեցէք ձեր ընկերներուն հետ: Հաղորդակցելու եւ հաշտուելու յարմար շրջան մըն է:
ԾՈՎԱՆՈՒՇ (21 յունուարէն 19 փետրուար)
Առարկայականօրէն աշխատեցէք` հարցերուն լուծումներ գտնելու: Պայմանագիր մը պիտի ստորագրէք եւ կարեւոր շրջան մը պիտի սկսիք ձեր կեանքին մէջ:
ՁՈՒԿ (20 փետրուարէն 20 մարտ)
Օժանդակութեան դռներ պիտի բացուին ձեր դիմաց: Պիտի վերագտնէք ձեր աշխուժութիւնը եւ կայտառութիւնը: Չնախատեսուած օգնութիւն մը պիտի ստանաք:
