Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մայիս 1. Աշխատաւորի Ազատագրման Օր Ու Նահանջի Դէմ Պատերազմ

May 1, 2018
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Յ. ԲԱԳՐԱՏՈՒՆԻ

Աշխատաւորի օրը համամարդկային տօն է:

Մարդկային ընկերութեան հիմը կազմող բանուորին, գիւղացիին, մշակին տօնն է անտարակոյս:

Տօնն է մարդկութեան բարօրութեան հիմնաքարը հանդիսացող կին ու այր աշխատաւորի արդար վաստակին:

Օրն է քրտինքի, ցաւի, տանջանքի, իրաւազրկուած մարդու:

Օրն է արդար ցասումի եւ բողոք` ընդդէմ ճնշումի:

Աշխատաւորի օրը շահագործումի, վայրագ դրամատիրութեան, դասակարգային բաժանումի եւ փտածութեան դէմ բարձրացող բռունցքն է անկասկած:

Համամարդկային տօն է մայիս 1-ը:

Ու միաժամանակ համահայկական տօն է:

Հայաստանի հայ բանուորին, գործարաններուն մէջ արիւն քրտինք թափող կնոջ ու այր մարդուն տօնն է:

Արցախի ու Հայաստանի Հանրապետութեան մշակ-բանուորին ու կեղեքումի դէմ պայքարող հայ անհատին տօնն է, Հայաստանի մէջ թէ բռնագրաւեալ հողերուն վրայ կամ սփիւռքի տարածքին դրամատիրութեան ու նիւթապաշտութեան գլանին ենթարկուող ու ամէն օր տառապող հայ մարդուն տօնն է վստահաբար:

Իր օրապահիկին համար քունը փախցուցած, փտածութեան ու շահագործումի դէմ Երեւանի ու Գիւմրիի մէջ ցուցարար հայ երիտասարդին ու պահանջատէր հայ մարդուն տօնն է մայիս 1-ը:

Մէկ ձեռքով բահ, միւս ձեռքով զէնք վերցուցած Արցախի ճակատը պահող ազատամարտիկ երիտասարդին տօնն է Աշխատաւորի տօնը:

Պուրճ Համուտի, Այնճարի, Հալէպի, Քամիշլիի, Ջուղայի, Թեհրանի թէ Թաւրիզի, Քեսապի, Պաղտատի, Զախոյի թէ եւրոպական ու ամերիկեան գործարաններուն մէջ տուայտող հայ բանուորին ու հայ մշակին տօնն է մայիս 1-ը:

Իր զաւակը հակառակ նիւթական դժուարութեանց հայկական վարժարան ուղղող հայ մարդուն, բանուորին, գիւղացիին, արհեստաւորին, հաւատացեալին տօնն է մայիս 1-ը:

Հայ ուսուցիչին տօնն է նաեւ մայիս 1-ը:

Բայց նաեւ մայիս 1-ը պէտք է ըլլայ տօնը հայ դրամատէրին, գործատիրոջ, սեփական մարզի, թէ ազատ ասպարէզի մէջ իր կեանքը շահած հայուն, որ գիտակցի, թէ առանց հայ պաշտօնեային, հայ բանուորին ու աշխատաւորին քրտինքին իր արդիւնաբերութիւնն ու շահը կը վնասուին:

Մարդկային ու բանուորական տարրական իրաւունքներու չգոյութեամբ առողջ հայկական միջավայր կարելի չէ ունենալ:

Ո՛չ ալ ամուր հայկական կռուան, հպարտ ու պահանջատէր հայութիւն:

Շահագործումը, կեղեքումը, հարստահարումը, դասակարգային խտրականութիւնը, փտածութիւնը, դրամատիրական մենատիրութիւնը չեն կրնար արդար, ամուր եւ արտադրող հասարակութիւն ստեղծել: Անոնք կը քանդեն ընկերութիւնը, կը բարոյազրկեն անձը, կը ստրկացնեն միտքը, կը ճզմեն հոգին, անբարոյ կը դարձնեն ներկան, օտարումի կ՛առաջնորդեն ու կը բարոյալքեն ապագան եւ ապագայի սերունդները:

Մայիս 1-ը Աշխատանքի օրը, Աշխատաւորի օրը, ազատ հայու, ազատագրուած հայու, ամուր ու հպարտ հայու տօնն է:

Ազատագրելով հայ մարդը աշխատանքի ու շահագործումի կապանքներէն, կ՛ազատագրէ հայութիւնը ստրկամտութենէն:

Մշակ, բանուոր, ռենչպէր աղբեր

Արի՛ք, միանա՛նք, յառաջ գնանք:

Մայիս 1-ը կոչ է, հրաւէր ու պատգամ հայ ժողովուրդի տարբեր փաղանգները, դասակարգերն ու շերտերը միացնելու` ի խնդիր աշխատաւորի ազատագրման ու նահանջի դէմ պատերազմի:

 

 

Նախորդը

Ակնարկ. ՀՅԴ Ընտրամեքենայի Նոր Արտադրամասերը

Յաջորդը

«Տուպայի Ցուցահանդէսին Լիբանանի Զբօսաշրջութեան Նախարարութիւնը Ստացաւ Լաւագոյն Տաղաւարի Մրցանակը» Յայտարարեց Նախարար Կիտանեան

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Խորհրդարանական Հարցապնդում Եւ Խաղաղութեան Խոստում

September 16, 2026
Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը.  Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով
Անդրադարձ

Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը. Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով

September 16, 2026
Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ
Անդրադարձ

Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.