Սուրիոյ հիւսիսը ծանր բախումներ տեղի կ՛ունենան քրտական ղեկավարութեամբ Սուրիոյ ժողովրդավարական ուժերուն եւ սուրիական բանակին միջեւ: Այս մասին կը հաղորդէ քրտական «Ռուտաու» լրատու գործակալութիւնը:
Սուրիական բանակը կիրակի օր յայտարարած էր Եփրատի արեւելեան ափին վրայ քիւրտ զինեալներէն շարք մը գիւղերու ազատագրման մասին: Երէկ, սակայն, Սուրիոյ ժողովրդավարական ուժերը պատասխան յայտարարութիւն մը հրապարակած են` պնդելով, որ յաջողած են սուրիական բանակէն խլել 4 գիւղ:
Սուրիոյ ինքնահռչակ Ժողովրդավարական խորհուրդի համանախագահ Իլհամ Ահմետ «Ռուտաու»-ի հետ զրոյցի մը ընթացքին պնդած է, որ սուրիական բանակի` քիւրտ զինեալներու դէմ լայնածաւալ գործողութիւնները Իրանի, Ռուսիոյ եւ Թուրքիոյ միջեւ եռակողմ համաձայնութեան արդիւնք են:
«Սուրիոյ իշխանութիւնները երբեք ալ գոհ չեն եղած, որ այս հատուածները մեր վերահսկողութեան տակ են: Անոնք թրքական զինեալ ուժերուն կողմէ կատարուած Աֆրինի գործողութիւնը իբրեւ պատրուակ օգտագործելով` քիւրտ զինեալներու ենթակայութեան տակ գտնուող այս տարածքները փորձեցին գրաւել: Ասիկա Աֆրինի գործողութեան ծիրին մէջ համաձայնեցուած ծրագիրի շարունակութիւնն է», ըսած է Ահմետ:



