Արհեստավարժ կռփամարտիկ, գերմիջին քաշային կարգի «ՏԱՊԸԼԻՈՒ.ՊԻ.Օ.»-ի վարկածով աշխարհի նախկին ախոյեան Արթուր Աբրահամ, գերմանական Օֆենպուրկ քաղաքի «Պէյտըն Արենա» մարզահամալիրին մէջ, նախորդ շաբաթավերջին մենամարտ մը կատարեց դանիացի Փաթրիք Նիլսընի դէմ` «Ուորլտ պոքսինկ օրկընայզէյշըն ինթըրնեշընըլ»-ի թափուր մնացած տիտղոսին համար:
Հայ կռփամարտիկը 12 ռաունտ տեւած մենամարտէ մը ետք երեք իրաւարարներէն երկուքին դրական որոշումով (113-114, 116-111 եւ 116-111) յաղթական հռչակուեցաւ:
Վարկանշային այս մենամարտին իր արձանագրած յաղթանակին շնորհիւ, Արթուր Աբրահամ յառաջիկային կրնայ մենամարտիլ աշխարհի ախոյեանի կոչումին համար:



