Հայկական մարզական լրատուամիջոցները կը հաղորդեն, որ Հայաստանի ներկայացուցիչ Ֆերտինանտ Կարապետեան հանդիսացաւ ժիւտոյի 2018-ի Եւրոպայի ախոյեան:
Թէլ Աւիւի մէջ (Իսրայէլ) տեղի ունեցած Եւրոպայի ախոյեանութեան 73 քկ դասակարգին մէջ, 26 տարեկան Կարապետեան պայքարը սկսաւ 1-16-րդ հանգրուանէն եւ յաջորդական յաղթանակներու շնորհիւ հասաւ աւարտականին, ուր յաղթեց նաեւ ազրպէյճանցի մրցակից Հիտայաթ Հէյտարովի:
Այսպիսով, ան կրկնեց Հայաստանի ժիւտոյի հաւաքականին գլխաւոր մարզիչ Արմէն Նազարեանի յաջողութիւնը` 13 տարի ետք դառնալով Եւրոպայի ախոյեան:
Նազարեան 2005-ին Հոլանտայի մէջ դարձած էր Եւրոպայի ախոյեան:
Եւրոպայի ախոյեանութեան մասնակցեցան 44 երկիրներէ 368 մարզիկներ:



