Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ուժ Տալ Արհեստակցական Միութիւններուն, Ուժ Տալ Հայ Աշխատաւորին

May 1, 2018
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՆԱԹԱՆ ՊԵՏՐՈՍԵԱՆ

Այսօր մենք կը դիմագրաւենք միջազգային գետնի վրայ արհեստակցական միութիւններու գործունէութեան ամէնէն դժուար ժամանակաշրջաններէն մէկը: Մէկ կողմէ նոր-ազատականութիւնը, իսկ միւս կողմէ` ծայրայեղ աջը կը փորձեն իրենց կրցածին չափ նուազեցնել արհեստակցական միութիւններուն իրաւասութիւններն ու դերակատարութիւնը աշխատանքային շուկային մէջ:

Ինչ կը վերաբերի Հայաստանի արհեստակցական միութիւններու դերակատարութեան տկարացման, անիկա սկսաւ ՀՀՇ-ի (Լեւոն Տէր Պետրոսեանի գլխաւորութեամբ) իշխանութեան ստանձնման առաջին իսկ օրերէն, երբ Հայաստանի տնտեսական համակարգը փոխուեցաւ ազատ շուկայականի, եւ արհեստակցական միութիւններու տասնեակ տարիներու հսկայ վաստակը հասաւ մինչեւ զերօ աստիճանի: Արհեստակցական միութիւններ հասկացողութիւնը հայ իրականութեան մէջ սկսաւ 1900-ականներու առաջին տարիներէն` մեծ ազդեցութիւն կրելով ՀՅԴ-ի ընկերվարական գաղափարախօսութենէն եւ` աւելի նուազ ազդեցութիւն կրելով Ընկերվար յեղափոխականներու եւ Սոցիալ դեմոկրատական բանուորական կուսակցութիւններուն ընկերվարական աշխարհահայեացքէն, երբ նոր պայթեցաւ 1905-ի Ռուսական  յեղափոխութիւնը, պետական մակարդակի վրայ իր արմատները ամրացուց 1918-ի անկախութեան առաջին օրերէն եւ խորհրդային ժամանակաշրջանին դարձաւ պետութեան ղեկավարման ամէնէն կարեւոր ու ազդու հասարակական ուժերէն մէկը:

Ռուսական յեղափոխութեան (1905) ժամանակաշրջանէն իր արատները ունենալով հանդերձ, մինչեւ Հայաստանի Ա. Հանրապետութիւն եւ Խորհրդային Միութեան ժամանակաշրջանին ընթացքին Հայաստանի ամէնէն բազմամարդ արհեստակցական միութիւններու համադաշնակցութիւնը եղած է Հայաստանի արհեստակցական միութիւններու համադաշնակցութիւնը, որ նաեւ շրջանային եւ միջազգային հեղինակութիւն ունի` մաս կազմելով Արհեստակցական միութիւններու համընդհանուր համադաշնակցութեան (նախկին Խորհրդային Միութեան մէջ գործող արհեստակցական միութիւններու համադաշնակցութիւն), Արհեստակցական միութիւններու միջազգային համադաշնակցութեան եւ Աշխատանքի միջազգային կազմակերպութեան:

Միջազգային արհեստակցական համախմբումներու եւ աշխատաւորներու իրաւունքներու պաշտպանութեան կազմակերպութիւններու անդամակցութեամբ Հայաստանի արհեստակցական միութիւններու համադաշնակցութիւնը պէտք է սերտ կապերու մէջ մտնէ եւ ուսումնասիրէ այլ երկիրներու արհեստակցական միութիւնները, որոնք մեծ դերակատարութիւն ունին պետական գետնի վրայ` ազդու դեր ունենալով պետական ընկերային-տնտեսական ուղղութիւններու ճշդման մէջ, ինչպէս` Շուէտի Ազգային կազմակերպութիւնը եւ Թունուզի Համընդհանուր աշխատանքային միութիւնը:

Վերադառնալով Հայաստան, այդտեղ աշխատաւորներու իրաւունքներու պայքարը պէտք է ստանայ քաղաքական դիմագիծ: Աշխատաւորներու իրաւունքները առողջ քաղաքական դիմագիծ կը ստանան, երբ անոնց մասին խօսողը կը դառնայ ընկերային արդարութեան հաւատացող քաղաքական ուժ մը: Հայաստանի մէջ իր ծրագիրով, պատմութեամբ եւ տեսական աշխարհահայեացքով, նաեւ Ընկերվար միջազգայնականին ու Եւրոպայի ընկերվարականներու կուսակցութեան անդամակցելով` ՀՅ Դաշնակցութիւնը արդէն իսկ կը հանդիսանայ ընկերային արդարութեան կուսակցութիւնը, որ 1905-ի եւ 1917-ի ռուսական յեղափոխութիւններուն եւ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան ընթացքին կազմակերպեց ու ղեկավարեց հայկական աշխատաւորական շարժումը եւ անոր տուաւ զուտ ընկերվարական գաղափարաբանական բնոյթ` նպատակ դնելով հայ աշխատաւորի ընկերային եւ տնտեսական ազատագրութիւնը ամէն տեսակի կեղեքումէ:

Ժառանգելով հարուստ աշխատաւորական շարժումի եւ ընկերվարական վաստակ, այսօր ՀՅԴ-ին ուսերուն կ՛իյնայ պատասխանատուութիւնը` վերաշխուժացնելու արհեստակցական միութիւններուն աշխատանքները: Արհեստակցական միութիւններու որեւէ վերաշխուժացում հաշուի պէտք է առնէ Հայաստանի մէջ մեծագոյն արհեստակցական համադաշնութիւնը, որն է` Հայաստանի արհեստակցական միութիւններու համադաշնակցութիւնը: ՀՅԴ-ի դերակատարութիւնը արհեստակցական միութիւններու վերաշխուժացման հարցին մէջ պիտի կեդրոնանայ հետեւեալ կէտերուն վրայ.

Ա.- Շարունակական հանդիպումներ ՀՅԴ-ի եւ Հայաստանի արհեստակցական միութիւններու համադաշնակցութեան ներկայացուցիչներուն միջեւ,

Բ.- Տնտեսական բոլոր մարզերուն մէջ ՀՅԴ-ն սերտ կապեր պէտք է հաստատէ Հայաստանի արհեստակցական միութիւններու համադաշնակցութեան անդամակցող բոլոր արհեստակցական միութիւններու ճիւղերուն հետ,

Գ.- «Հրայր Մարուխեան հիմնադրամ»-ի եւ Հայաստանի արհեստակցական միութիւններու համադաշնակցութեան միացեալ ժողովներ, ուսումնասիրութիւններ, սեմինարներ եւ հրատարակութիւններ,

Դ.- «Աշխատանքային իրաւունքներու պաշտպանութեան գրասենեակ»-ին աշխատանքները պէտք է կատարուին Հայաստանի արհեստակցական միութիւններու համադաշնակցութեան հետ համագործակցաբար,

Ե.- Տօնել Աշխատաւորներու միջազգային օրը` մայիս մէկը:

 

 

Նախորդը

Քաղաքական Անդրադարձ. ՖԻՆԻՒԼ-ը Եւ Ապագայ Հեռանկարները

Յաջորդը

Յանուն Ազգային Միասնականութեան Եւ Ժողովրդավարութեան

RelatedPosts

Սուրիա` Նոր Մարտահրաւէրներու Դէմ Յանդիման
Անդրադարձ

Տեսակէտ. Իրան` Կործանման Եզրի՞ն

January 20, 2026
Ա՛յս Է Միակ Լուծումը
Անդրադարձ

Ա՛յս Է Միակ Լուծումը

January 20, 2026
Պաշտօնական Կողոպուտը Որքա՞ն Կրնայ Շարունակուիլ
Անդրադարձ

Պաշտօնական Կողոպուտը Որքա՞ն Կրնայ Շարունակուիլ

January 20, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.