Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Փասատենայի Մէջ Ցեղասպանութեան Յուշարձանի Ցուցանակներու Բացման Արարողութիւն

April 30, 2018
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայոց ցեղասպանութեան Փասատենայի յուշարձանի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ շաբաթ, 21 ապրիլի երեկոյեան տեղի ունեցած է Քալիֆորնիոյ թիւ 210 ազատուղիի Ֆեր Օքս պողոտայի ելքերուն վրայ Հայոց ցեղասպանութեան Փասատենայի յուշարձանին վայրը մատնանշող չորս ցուցանակներու բացման պաշտօնական արարողութիւնը, որուն ներկայ եղած են բազմաթիւ հայորդիներ, կրօնական եւ քաղաքային ղեկավարներ, սկաուտներ եւ աշակերտներ:

Քալիֆորնիոյ նահանգային ծերակոյտի անդամ Էնթընի Փորթանթինօ, որ նախապէս եղած էր Հայոց ցեղասպանութեան Փասատենայի յուշարձանի յանձնախումբի անդամ, անցեալ տարի ներկայացուցած էր թիւ 25 բանաձեւը` յուշարձանը ազատուղիին վրայ ծանուցելու միտումով: Բանաձեւը աւելի ուշ վաւերացուած էր նահանգի օրէնսդիր մարմինին կողմէ:

Փորթանթինօ ուրախութիւն յայտնած է, որ Հայոց ցեղասպանութեան մասին իրազեկուածութիւնը ընդարձակող այս յուշարձանի կառուցման եւ ցուցանակներու զետեղման նախաձեռնութիւնները կարելի եղած է իրականացնել` առիթ ընծայելով համայնքին, որ արժանի յարգանքի տուրքը մատուցէ Հայոց ցեղասպանութեան 1,5 միլիոն զոհերուն:

Ձեռնարկի գլխաւոր բանախօսը եղած է Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի ատենապետ Րաֆֆի Համբարեան` դրուատելով Հայոց ցեղասպանութեան Փասատենայի յուշարձանին ծրագիրը իրականացուցած կազմակերպութիւններն ու անհատները, միաժամանակ դատապարտելով Ցեղասպանութիւնը ուրանալու ջանքերը:

Յիշեցնենք, որ Փասատենայի «Մեմորիըլ» զբօսայգիի հիւսիսարեւելեան բաժինը գտնուող Հայոց ցեղասպանութեան Փասատինայի յուշարձանին պաշտօնական բացումը տեղի ունեցած էր Ցեղասպանութեան 100-ամեակին` ապրիլ 2015-ին:

 

Նախորդը

Էրտողան. «Սկիզբէն Լեռնային Ղարաբաղի Հարցը Նկատած Ենք Մերը»

Յաջորդը

Քոլորատօ Կ՛որոշէ Մայրուղի Մը «Սարդարապատ» Կոչել

RelatedPosts

Բագրատունի. «Սփիւռքի Ջախջախիչ  Մեծամասնութիւնը Դէմ Է  Սահմանադրութեան Փոփոխութեան»
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի. «Սփիւռքի Ջախջախիչ Մեծամասնութիւնը Դէմ Է Սահմանադրութեան Փոփոխութեան»

October 31, 2026
ՀՅԴ Հայ Դատի Կեդրոնական Խորհուրդի  Յայտարարութիւն.  Սփիւռքի Եւ Համահայկական Կառոյցներու Դէմ  Նոր-Պոլշեւիկեան Արշաւի Սաստկացում
Գլխաւոր լուրեր

Հայ Դատի Կեդրոնական Խորհուրդը Հրապարակած Է Ազրպէյճանի Մէջ Պահուող 20 Հայ Պատանդներու Մասին Թղթածրար

October 31, 2026
Արծուիկ Մինասեան. «Բոլոր Ջանքերը  Պիտի Գործադրենք, Որպէսզի Օր Առաջ  Իշխանազրկուի Հայրենիքը  Յանձնող Այս Իշխանութիւնը»
Հայկական

Արծուիկ Մինասեան Ընտրուեցաւ Մրցակցութեան Եւ Սպառողներու Շահերու Պաշտպանութեան Յանձնախումբի Անդամ

October 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.