Իրան առնուազն 80 հազար շիի զինեալներ կը պատրաստէ Սուրիոյ մայրաքաղաքին մօտ գտնուող «յենակէտային եւ հաւաքագրման կեդրոնին մէջ»: «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է ՄԱԿ-ի մէջ Իսրայէլի դեսպան Տենի Տանոնը:
Ան 26 ապրիլին ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին մէջ յայտարարած է, որ Իրան ուսումնական ռազմակայան ստեղծած է Դամասկոսէն շուրջ 8 քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ:



