Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«ՎԻՎԱՍԵԼ-ԷՄ. ԹԻ. ԷՍ.» ՎՃՌԱԿԱՆ` ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՆԵՐՈՒ ԿԱՅԱՑՄԱՆ ԱՋԱԿՑԵԼՈՒ ՀԱՐՑԻՆ ՄԷՋ

November 17, 2011
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter
Նախարար Աշոտեան եւ Ռալֆ Եիրիկեան ցուցահանդէսին բացումը կը կատարեն

«Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.» ընկերութիւնը կը յայտնէ, որ ընկերութեան Ասպարէզի զարգացման ծրագիրը ներկայացուած է «Կրթութիւն եւ ասպարէզ Էքսփօ 2011» տասներկուերորդ միջազգային մասնագիտացուած ցուցահանդէսին: Վերջինս կազմակերպած է «Լոկոս էքսփօ սենթըր» ցուցահանդէսային ընկերութիւնը` Հայաստանի կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութեան աջակցութեամբ:

Տօնավաճառը ուսանողութեան ներկայացուց ժամանակակից կրթական ձեւերու եւ մօտեցումներու բազմազանութիւնը, նպատակ ունենալով խրախուսել ուսումնական հաստատութիւններու եւ գործարարութեան միջեւ համագործակցութիւնը, տեղեկացնել, թէ որո՛նք են շուկային մէջ աւելի մեծ պահանջարկ ունեցող մասնագիտութիւնները, առաջարկել «գործատու-աշխատանք որոնող» հաղորդակցման ուղի մը եւս, խրախուսել պետական, սեփական եւ հասարակական մարզի ներկայացուցիչները կրթական նոր նախաձեռնութիւններ ներկայացնելու հարցին մէջ:

Ըստ «Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»-ի ընդհանուր տնօրէն Ռալֆ Եիրիկեանի, «Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.» կը շարունակէ ներդրում կատարել երիտասարդ հայրենակիցներու ապագայի կերտման ուղղուած ծրագիրներուն մէջ` նպատակ ունենալով աջակցիլ երիտասարդներու մասնագիտացման, նպաստել անոնց կատարելագործման եւ կեանքին մէջ իրենց տեղը գտնելուն: «Մենք մշակած ենք ասպարէզի զարգացման ծրագիրը գործարարութեան եւ բարձրագոյն կրթական հաստատութիւններուն միջեւ կապի շարունակականութիւն ստեղծելու եւ աշխատանքի շուկայի պահանջներուն համապատասխան` ուսանողներուն համար մասնագիտական զարգացման հեռանկար ապահովելու նպատակով», նշեց Ռալֆ Եիրիկեան:

Ասպարէզի զարգացման ծրագիրին շնորհիւ, ուսանողներուն կարելիութիւն պիտի տրուի տեսական գիտելիքները համադրել գործնականին հետ, աշխատանքային հմտութիւնները կիրարկել եւ զարգացնել իրական միջավայրին մէջ: «Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»-ի Ասպարէզի զարգացման ծրագիրը հետեւեալ բաղադրիչները կը ներառէ. գործնական դասընթացքներ եւ մասնագիտական փորձառութիւն` ընկերութեան համապատասխան վարչութիւններուն մէջ, «Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.» դպրոց, Բաց դռներու օրեր, դասախօսութիւններ Հայաստանի համալսարաններուն մէջ, սեմինարներ, տարբեր մարզերու մէջ մրցումներու կազմակերպում, աւագ դասարաններու դպրոցականներու համար մասնագիտական կողմնորոշման ուղղուած հանդիպումներու կազմակերպում, Հայաստանի կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութիւն, բազմաթիւ հասարակական կազմակերպութիւններու հետ ուսումնական միացեալ ծրագիրներու իրականացում եւ շատ աւելին:

«Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»-ը ընդլայնած է Ասպարէզի զարգացման ծրագիրի աշխարհագրութիւնը եւ փոխադարձ գործակցութեան յուշագիր ստորագրած է հայաստանեան եւ արտերկրի 39 համալսարաններու հետ: «Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»-ի ընդհանուր տնօրէն Ռալֆ Եիրիկեան դասախօսած է ոչ միայն Հայաստանի համալսարաններուն մէջ, այլեւ արտերկրի համալսարաններուն մէջ, մասնաւորաբար` Լիբանանի եւ Միացեալ Նահանգներու հայկական կրթօճախներուն, Մոսկուայի «Սքոլքովօ» առեւտուրի բարձրագոյն դպրոցին մէջ:

Համալսարաններուն մէջ դասախօսութիւններ տուած են նաեւ «Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»-ի աշխատակիցները: Անոնք ուսանողութեան գիտելիքներ եւ հմտութիւններ ներկայացուցած են հաշուողական արհեստագիտութեան, վճարներու հաւաքագրման, որակի կառավարման, յաճախորդներու սպասարկման, հաշուապահութեան, իրաւունքի, շուկայադրումի, շուկայի հետազօտման, հանրութեան հետ կապերու եւ այլ մարզերու վերաբերեալ: Մասնագիտական այդ դասախօսութիւնները ունկնդրած են աւելի քան 500 ուսանողներ:

Աւելի քան 150 ուսանողներ կ՛օգտուին «Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»-ի այլ հոգատարութենէ մը: Ընկերութիւնը զանոնք կ՛օգնէ տարեկան կրթաթոշակի վճարման հարցին մէջ` մինչեւ համալսարանը աւարտելը: Շահառուներու շարքին կը գտնուին յատուկ կարիքներով եւ ընկերային դժուարին պայմաններուն մէջ յայտնուած ուսանողներ:

«Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»-ը կը շարունակէ նկատուիլ Հայաստանի լաւագոյն գործատուներէն մէկը: Ընկերութիւնը Հայաստանի ամբողջ տարածքին այսօր ունի աւելի քան 1200 աշխատակիցներ ու կ՛առաջարկէ շուկային մէջ մրցունակ աշխատավարձ ու փոխադարձ հատուցման համակարգ, ներառել` առողջութեան ապահովագրութիւն եւ կրթաթոշակի վճարում:

 

Նախորդը

ԱՐԱՄ Ա., ՇՆՈՒՏԱ Գ., ԶԱԳԳԱ Ա. ԵՒ ՓԱՒԼՈՍ ՀՈԳԵՒՈՐ ՊԵՏԵՐՈՒՆ ՄԻՋԵՒ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ` ԳԱՀԻՐԷԻ ՄԷՋ

Յաջորդը

ՀՅԴ-Ն ԿԸ ՊԱՀԱՆՋԷ ԲԱՐՁՐԱՑՆԵԼ ՆՈՒԱԶԱԳՈՅՆ ԱՇԽԱՏԱՎԱՐՁԸ

RelatedPosts

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի  Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը
Գլխաւոր լուրեր

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը

November 24, 2026
Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով

November 24, 2026
Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը  Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել,  Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը.  Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»
Գլխաւոր լուրեր

Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել, Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը. Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.