Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Սկաուտները Կ՛ոգեկոչեն Հայոց Ցեղասպանութեան Նահատակներուն Յիշատակը

April 26, 2018
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի սկաուտները, Շրջանային վարչութեան եւ Շրջանային սկաուտական խորհուրդին հովանաւորութեամբ, ինչպէս ամէն տարի, այս տարի եւս իրենց յարգանքի տուրքը մատուցեցին Հայոց ցեղասպանութեան նահատակներուն:

Երկուշաբթի, 23 ապրիլ 2018-ի երեկոյեան, ՀՄԸՄ-ի  Լիբանանի Պէյրութի, Պուրճ Համուտի, Անթիլիասի եւ Ժըտէյտէի մասնաճիւղերը ներկայացնող` երէց – պարմանուհիները, խմբապետական կազմերը,  մասնաճիւղի սկաուտական խորհուրդները, ինչպէս նաեւ Շրջանային խմբապետական կազմը, Շրջանային սկաուտական խորհուրդն ու Շրջանային վարչութեան ներկայացուցիչները հաւաքուեցան Պիքֆայայի վանք, ուր տեղի ունեցաւ մէկուկէս միլիոն սրբադասուած Ս. նահատակներուն նուիրուած եկեղեցական արարողութիւն:

Ապա բոլորը միասին լուռ երթով ուղղուեցան դէպի Հայոց ցեղասպանութեան յուշարձան, ուր խօսք առաւ ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային սկաուտական խորհուրդի ատենապետ Ալին Քեչեպաշեան: Ան իր խօսքին մէջ ըսաւ. «Ապրիլ 23-ը հայ սկաուտին համար պայքարի օր է, ուխտի օր է, պահանջատիրութեան օր է»: Ան աւելցուց, թէ յաճախ կ՛այցելենք այս վայրը, բայց ապրիլ 23-ին տարբեր զգացում մըն է, որ կը պատէ մեր հոգիները, եւ որ կը մղէ ՀՄԸՄ-ական սկաուտները,  տարիներու աւանդութիւն դարձած, Պիքֆայայի յուշարձանին առջեւ հաւաքուած, վերանորոգեն իրենց խոստումը` թելադրելով, որ այս խոստումին հաւատարիմ մնալով անոնք շարունակեն պահանջել հայութեան ազգային արդար իրաւունքները, մինչեւ որ հասնինք Հայ դատի պահանջատիրութեան ամբողջական յաղթանակին:

Ապա «Կիլիկիա»-ի երգի  եւ «Յառաջ, նահատակ» քայլերգի երգեցողութեամբ սկաուտները միասնաբար ուխտեցին վառ պահել Հայոց ցեղասպանութեան Սուրբ Նահատակներուն յիշատակը ու ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի ընտանիքին անունով ծաղկեպսակ ու ծաղիկներ զետեղեցին` առ ի յարգանք մէկուկէս միլիոն սրբադասուած Նահատակներուն անթառամ յիշատակին:

Իսկ երեքշաբթի, 24 ապրիլ 2018-ին, ՀՄԸՄ-ի  Լիբանանի Պէյրութի, Պուրճ Համուտի, Անթիլիասի եւ Ժըտէյտէի մասնաճիւղերը ներկայացնող 400 սկաուտներ ներկայ գտուեցան  Հայոց ցեղասպանութեան մէկուկէս միլիոն նահատակներուն յիշատակի ոգեկոչման Սուրբ եւ անմահ պատարագին,Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարի մէջ: Յաւարտ սուրբ պատարագի եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսի պատգամին, ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբին առաջնորդութեամբ` ՀՄԸՄ-ի սկաուտական խումբերը տողանցեցին մայրավանքի շրջափակին մէջ:

 

Նախորդը

Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ. Լիբանանահայ Վարժարաններու Աշակերտները Յարգեցին Ցեղասպանութեան Մէկուկէս Միլիոն Նահատակներուն Յիշատակը

Յաջորդը

Քայլարշաւ Հայաշէնէն Ժեհթաուի` Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարանի Յուշարձան

RelatedPosts

ԼՕԽ-ի «Առողջ Ապրելակերպ» Սեմինարներու Շարքին Առաջինը` Կուրծքի Քաղցկեղի Կանխարգիլման Մասին
Գաղութային

ԼՕԽ-ի «Առողջ Ապրելակերպ» Սեմինարներու Շարքին Առաջինը` Կուրծքի Քաղցկեղի Կանխարգիլման Մասին

October 28, 2026
ՀՅԴ-ԶՈՄ-ի Կազմակերպած Հայկական Վարժարաններու Համալսարանական Եւ Մասնագիտական Արեւելում` Մասնակցութեամբ Աւելի Քան 80 Կամաւորներու Եւ Շուրջ 400 Աշակերտներու
Գաղութային

ՀՅԴ-ԶՈՄ-ի Կազմակերպած Հայկական Վարժարաններու Համալսարանական Եւ Մասնագիտական Արեւելում` Մասնակցութեամբ Աւելի Քան 80 Կամաւորներու Եւ Շուրջ 400 Աշակերտներու

October 27, 2026
Ընթացք Առաւ Համազգայինի «Օշական» Գիրքի Ակումբի Գործունէութիւնը
Գաղութային

Համազգայինի «Օշական» Ակումբի Երկրորդ Հանդիպումը Քննարկեց Յակոբ Պարոնեանի «Քաղաքավարութեան Վնասները» Հատորը

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.