Հոլանտայի վարչապետ Մարք Ռիւթէ յայտարարած է, թէ իրենք չեն ուզեր իրենց երկրին մէջ տեսնել թուրք պաշտօնատարներ, որոնք պիտի փորձեն երկրի տարածքին մէջ նախընտրական քարոզչութիւն կատարել տեղւոյն թուրք համայնքին մօտ: Այս մասին կը հաղորդէ «Պի.Պի.Սի.»-ի թրքական ծառայութիւնը:
Ռիւթէ շեշտած է, որ թուրք պաշտօնատարներու` Հոլանտայի մէջ նախընտրական քարոզարշաւի ծիրին մէջ ելոյթներու կազմակերպումը կրնայ վտանգել տեղւոյն հասարակական կարգը, բացի այդ` Հոլանտան չ՛ուզեր արտօնել իր երկրի քաղաքացի հանդիսացող թուրքերուն վրայ ճնշումի գործադրումը:
«Իրականութիւնը այն է, որ մեր մօտ կը գործէ խօսքի եւ հաւաքներու ազատութեան սկզբունքը, սակայն ատիկա ունի իր սահմանները», ըսած է Հոլանտայի վարչապետը:
Ան աւելցուցած է, որ Թուրքիան ժողովրդավարութեան հարցին մէջ լուրջ խնդիրներ ունի, եւ այդ հարցին մէջ սխալ ուղի բռնած է:
Ռութէ նշած է, որ մտահոգ է Թուրքիոյ մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւններով:
Յիշեցնենք, որ անցեալ տարի Հոլանտան չէր արտօնած թուրք երկու նախարարներու` Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլուին, ապա նաեւ ընկերային հարցերու նախարար Ֆաթմա Պեթու Սայամ Քայային հանդիպում ունենալ Ռոթերտամի մէջ ապրող թուրքերու հետ:



