Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեանը նոր հրամանագիրներ ստորագրած է: Հայաստանի վարչապետին առաջարկով, տարածքային կառավարման եւ զարգացման նախարար Դաւիթ Լոքեանը, ելեւմուտքի նախարար Վարդան Արամեանը եւ տնտեսական զարգացման ու ներդրումներու նախարար Սուրէն Կարայեանը վերանշանակուած են իրենց պաշտօններու վրայ:
Երէկ տեղի ունեցած է Հայաստանի կառավարութեան նիստը, որ եղած է կարճ, եւ որուն ընթացքին քննարկուած են ընթացիկ հարցեր: Նիստին Հայաստանի վարչապետ Սերժ Սարգսեան հրաժարած է իբրեւ նախկին նախագահ կառավարութեան որոշումով իրեն յատկացուած առանձնատունէն:
Նոյն օրը «Շանթ» պատկերասփիւռի կայանին տուած հարցազրոյցին մէջ Հայաստանի վարչապետ Սերժ Սարգսեան խօսած է «Հարկային օրէնսգիրքին մէջ» կատարուելիք փոփոութիւններուն մասին: Անոր խօսքով` պիտի կատարուին փոփոխութիւններ` մարդոց եկամտահարկը նուազեցնելու, եւ ամենայն հաւանականութեամբ, 1 յունուար 2019-էն թոշակներու, նուազագոյն աշխատավարձի որոշակի բարձրացում պիտի ըլլայ:
«Ոչ ոք կրնայ 5 տարուան, 15 տարուան մէջ ստեղծել այնպիսի պայմաններ, որոնցմէ բոլորը գոհ ըլլան: Եթէ նկատի առնենք այս 26 տարուան ընթացքին ծագած բոլոր հարցերը` Հայաստանի տարբեր իշխանութիւններու օրերուն, մեր երկիրին զարգացումը վատ չէ: Ես չեմ ըսեր` լաւ է, որքան ալ լաւ ըլլայ, իմ գնահատականս միշտ ալ հետեւեալն է` աւելի լաւ կրնայ ըլլալ», ըսած է վարչապետ Սերժ Սարգսեանը:
Վարչապետ Սերժ Սարգսեան անդրադարձած է նաեւ Հայաստանի բնակչութիւնը 4 միլիոնի հասցնելու ծրագիրի մասին: Ըստ անոր, արտագաղթը Հայաստանի «արիւնահոս վէրքն է», ցաւալի ու վտանգաւոր երեւոյթ: Սակայն, վարչապետին կարծիքով, արտագաղթը բնորոշ չէ միայն Հայաստանին, այլ նախկին Խորհրդային երկիրներուն, Արեւելեան եւ նոյնիսկ Արեւմտեան Եւրոպային:
«Ես յայտարարած եմ Հայաստանի բնակչութիւնը 4 միլիոնի հասցնելու ծրագիրին մասին եւ վստահ եմ, որ ատիկա հասանելի թիւ է», ըսած է վարչապետը:



