Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արսէն Համբարձումեան. «Մեր Հարցերը Մեր Երկրին Մէջ Պէտք Է Լուծել Քաղաքակիրթ Ճամբով»

April 19, 2018
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Մեր հարցերը մեր երկրին մէջ պէտք է լուծել քաղաքակիրթ ճամբով», անդրադառնալով այս օրերուն Երեւանի մէջ ընթացող ցոյցերուն` յայտարարած է ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Արսէն Համբարձումեան:

Անոր համաձայն, անվիճելի է, որ Հայաստանի մէջ իւրաքանչիւր քաղաքացի սահմանադրութեամբ իրեն վերապահուած իրաւունքներու շրջագիծին մէջ ազատ է իր կարծիքն ու տեսակէտը յայտնելու որեւէ հարցի առնչութեամբ:

Ժողովրդավարութեան պահանջն է, որ իւրաքանչիւրը արտայայտուելու եւ լսուած ըլլալու իրաւունք ունենայ:

Ըստ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչին, տեսանելի դրական փոփոխութիւնները մեր երկրին մէջ անհրաժեշտութիւն են, եւ սահմանադրութեան փոփոխութեան գործընթացը անոր միտուած է:

«Նաեւ նոր սահամանադրութիւնը ակնկալիք ու հանրային պահանջ ձեւաւորած է փոփոխութիւններու համար, եւ ատիկա կը պարտաւորեցնէ բոլորին: Հայաստանին մէջ տեղի ունեցող ազատ հաւաքները եւ խաղաղ ցոյցերը այս առումով վկայութիւնն են մեր երկրի ժողովրդավարական հասունութեան: Անկախ հնչեցուող պահանջներէն եւ քաղաքական օրակարգի ընդունելի ըլլալ չըլլալու հանգամանքէն` գնահատելի է, որ կայ պայքարի ոգի», ըսած է ան:

Ըստ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչին, կարեւոր է, սակայն, որ սկսած գործընթացները ճիշդ հունաւորուին: «Ժողովրդավարութեան սկզբունքին դէմ է վերջնագիրերով խօսիլը եւ  ամենաթողութիւնը: Մենք կոչ կ՛ուղղենք ցուցաբերելու զսպուածութիւն, զերծ մնալ սադրանքներէ եւ իրավիճակը լարելու փորձերէ: Պէտք է բացառել որեւէ բռնութիւն եւ պէտք չէ առիթ տալ արտաքին միջամտութիւններու: Մեր հարցերը մեր երկրին մէջ մենք պէտք է լուծենք քաղաքակիրթ ձեւով: Դիմակայութիւնը թշնամանքի պէտք չէ վերածուի: Հանգուցալուծումը պէտք է ըլլայ այնպիսին, որ մեր երկիրը ոչ թէ  թուլանայ, այլ աւելի ուժեղ դուրս գայ այս իրավիճակէն», ըսած է Արսէն Համբարձումեան:

 

Նախորդը

Նշանակումներ Եւ Վերանշանակումներ` Հայաստանի Կառավարութեան Մէջ. Կարէն Կարապետեանը Նշանակուեցաւ Առաջին Փոխվարչապետ

Յաջորդը

Բազմամարդ Ցոյցերը Շարունակուեցան Երեւանի Մէջ

RelatedPosts

Ակնարկ.  Թեհրանի Ընտրած Պահը`  Շեշտակի Զգուշացնելու
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Թեհրանի Ընտրած Պահը` Շեշտակի Զգուշացնելու

November 7, 2026
Վելայաթի Կը Զգուշացնէ Հայաստանը
Գլխաւոր լուրեր

Վելայաթի Կը Զգուշացնէ Հայաստանը

November 7, 2026
Փանքին. «Հայաստան Յաջորդ Շաբաթ Կրնայ  Զրկուիլ ՀԱՊԿ-ի Մէջ Քուէարկելու Իրաւունքէն»
Հայկական

Փանքին. «Հայաստան Յաջորդ Շաբաթ Կրնայ Զրկուիլ ՀԱՊԿ-ի Մէջ Քուէարկելու Իրաւունքէն»

November 7, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.