Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան Ֆայնըլ-էյթի մրցումները աւարտեցան երէկ յետմիջօրէին: Այս մրցումներուն արդիւնքներուն լոյսին տակ յստակացան վերջին երկու կազմերը, որոնք ապահովեցին ֆայնըլ-ֆորի իրենց տոմսերը:
ՀՄԸՄ-ի եւ Ռիատիի եկան միանալու Սաժես եւ Պէյրութ, որոնք իրենց երրորդ յաղթանակը արձանագրելով գերազանցեցին իրենց մրցակիցները` յաջորդաբար Շանվիլը (3-2) եւ Մութթահետը (3-1):

Իր մեծաթիւ համակիրներուն ներկայութեան, Սաժես յաջողեցաւ տիրապետելով իր մրցակիցին` Շանվիլին, արձանագրել 98-75 արդիւնքով յաղթանակ մը (21-17, 25-17, 25-15 եւ 27-26):
Այսպիսով աստղերով հարուստ եւ տարեշրջանի ամբողջ տեւողութեան ամէնէն շատ օտարական մարզիկները փոխած Շանվիլ չկրցաւ հասնիլ կիսաւարտականին:
Սաժեսէն թրիփըլ-տապըլ մը իրագործեց Տուայն Ճեքսըն (16 կէտ, 16 ռիպաունտ, 12 էսիսթ), մինչ անոր խմբակից Սթեր Մաճոք տապըլ-տապըլ մը իրագործեց (20 կէտ, 16 ռիպաունտ): Անոնց խմբակիցներ Ճէյ Եանկպլատ եւ Նետիմ Սուէյտ յաջորդաբար նշանակեցին 21 եւ 19 կէտ:

Ֆայնըլ-ֆորին չկրցաւ հասնիլ նաեւ Մութթահետ, որ երէկ իր դաշտին վրայ 85-83 արդիւնքով պարտուեցաւ Պէյրութէն (29-18, 25-19, 16-27, 13-21):
Մութթահետէն Ռամիլ Քարի նշանակեց 32 կէտ (ներառեալ` 7 թրի փոյնթ), իսկ անոր խմբակից Հաքիմ Ուորիք` 30 կէտ (ներառեալ` 4 թրի փոյնթ):
Իսկ Պէյրութէն Մայք Էֆիպրա նշանակեց 28 կէտ (ներառեալ` 4 թրի փոյնթ), Քրիս Քրոֆորտ` 25 կէտ, իսկ Պասիլ Պաուժի իրագործեց տապըլ-տապըլ մը (13 կէտ, 11 ռիպաունտ):
Շատ հաւանաբար Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնը այսօր հրապարակէ ֆայնըլ-ֆորի մրցումներուն յայտագիրը:
ՀՄԸՄ պիտի մրցի Սաժեսի դէմ, իսկ Ռիատի Պէյրութի դէմ:


