Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Եագուպ Սարրաֆ. «Այս Հողը Մերն Է, Եւ Լիբանանցին Չի Կրնար Իր Իրաւունքին Մասին Լուռ Մնալ»

April 16, 2018
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պաշտպանութեան նախարար Եագուպ Սարրաֆ շաբաթավերջին այցելեց Մերժահիուն եւ Ատայսէի մէջ ստուգեց իսրայէլեան ուժերուն կողմէ սահմանային պատի կառուցման աշխատանքները:

Սարրաֆ այցելեց Մերժահիունի մէջ գտնուող բանակի նահատակներէն «Ֆրանսուա Հաժ»-ի անուան զօրանոցը, ուր հանդիպումներ ունեցաւ բարձրաստիճան զինուորականներու հետ` անոնցմէ իմանալով տիրող իրավիճակին մասին:

Ապա Սարրաֆ, ընկերակցութեամբ զինուորական ընդարձակ պատուիրակութեան, ուղղուեցաւ սահմանամերձ շրջան եւ ստուգեց Ատայսէի հանդիպակաց շրջանին մէջ իսրայէլեան ուժերուն կողմէ սահմանային քարէ պատնէշի կառուցման աշխատանքները:

Հետաքրքրական էր, որ Սարրաֆ կը կրէր լիբանանեան բանակի գնդացիրներէն մէկը եւ լրագրողներուն հարցումներուն պատասխանելով ան շեշտեց, որ իրենք չեն վախնար Իսրայէլէն եւ Սուրիոյ դէմ գործուած բռնարարքներէն ետք այդ այցելութիւնը կատարած են լիբանանցիին փաստելու համար, որ լիբանանեան բանակը ներկայ է, իսկ լիբանանցիին ապահովութիւնը` երաշխաւորուած:

«Ոչինչ պիտի արգիլէ, որ լիբանանեան պետութիւնը իր պարտականութիւնը ամբողջութեամբ կատարէ ո՛չ միայն քաղաքացիին հանդէպ, այլեւ` իր հողերուն: Թշնամի Իսրայէլը պէտք է գիտնայ, որ այս հողը մերն է, եւ լիբանանցին իր իրաւունքին համար չի կրնար լուռ մնալ», ըսաւ ան:

Սարրաֆ ողջունեց հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունը, որ նաեւ բանակի գերագոյն հրամանատարն է` հաստատելով, որ իրենք նեցուկ կը կանգնին նախագահին` Լիբանանի պաշտպանութեան առաքելութեան մէջ:

Սարրաֆ Ատայսէէն խստիւ դատապարտեց Սուրիոյ դէմ մեծ պետութիւններուն գործած ռմբակոծումը:

Ան այցելեց նաեւ Խիամի արգելարանը, ուր ծաղկեպսակ մը զետեղեց տանջուելու պատճառով իրենց վերջին շունչը փչած արգելափակեալներու յուշարձանին:

Նախորդը

Թուրքիա Սուրիոյ Դէմ Հարուածը Կը Նկատէ «Շատ Տեղին»

Յաջորդը

Ֆատի Ժեմայէլ Վերընտրուեցաւ Ճարտարարուեստի Մարզի Սեփականատէրերու Ընկերակցութեան Նախագահ

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.